Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Հարցը կը Շարունակէ Մնալ Անորոշ

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Հարցը կը Շարունակէ Մնալ Անորոշ

by MassisPost

Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան հարցը կը շարունակէ անորոշ մնալ: Թրքական պատկան մարմինները կարծես չեն շտապեր հաստատել նոր պատրիարքի ընտրութիւններու կայացման օրը:

Օգոստոսի սկիզբը պատրիարքական ընտրութիւնները նախաձեռնող խումբը դիմած էր Պոլսոյ նահանգապետարան, առաջարկելով նոր պատրիարքն ընտրող պատուիրակներու ընտրութիւնն իրականացնել 10 Դեկտեմբերին, իսկ պատրիարքի ընտրութիւնները՝ 13 Դեկտեմբերին:

Պոլսոյ նահանգապետարանը, սակայն, մինչեւ օրս չէ արձագանգած այս դիմումին, հակառակ անոր, որ կ’ակնկալէր, թէ պատասխանը պէտք է տրուէր մինչեւ 9 Հոկտեմբեր: «Ակօս» պարբերականի հաղորդմամբ, անցեալ շաբաթ պատրիարքարանին մէջ տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանի, պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի եւ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը համակարգող Նախաձեռնող խումբի խօսնակ Սեպուհ Ասլանկիլի մասնակցութեամբ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Ասլանկիլ պարզաբանած է, որ դիմումի պատասխանին հաւանաբար եւս երկու ամիս պիտի սպասեն, իսկ մինչ այդ պիտի շարունակեն նախապատրաստական աշխատանքները:

Աւելի վաղ, տեղապահ Պէքճեան «Ակօս»ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած էր, որ Նախաձեռնող խումբը արդէն նամակներ ուղարկած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի Աթոռին յաւակնելու իրաւունք ունեցող 11 հոգեւորականներուն: Անդրադառնալով համայնքին մէջ առկայ մտավախութիւններուն, թէ թրքական իշխանութիւնները կը ձգձգեն պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը, Պէքճեան համոզմունք յայտնած է, որ երբ ալ ըլլայ, ընտրութիւններն անպայման պիտի կայանան:

Մինչ համայնքին մէջ կը սպասեն, թէ թրքական իշխանութիւնները երբ կանաչ լոյս պիտի վառեն պատրիարքական ընտրութիւններն իրականացնելու համար, խնդիրին շուրջ ներհամայնքային կիրքերը կը թեժանան: «Պետութիւնը կը լռէ, Շիրինօղլու կը խօսի», – այսպիսի խորագիրով լոյս տեսած է «Ակօս» պարբերականի այս շաբթուան թիւը, ուր անդրադարձ կայ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցին շուրջ առաջացած հակասութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment