Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստան Արցախ Ֆոնտը Յուլիսէն Սեպտեմբերի 2017-ի Միջեւ $4 Միլիոնի Նպաստ Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին

Հայաստան Արցախ Ֆոնտը Յուլիսէն Սեպտեմբերի 2017-ի Միջեւ $4 Միլիոնի Նպաստ Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին

by MassisPost

2017-ի երրորդ եռամսեակի ընթացքին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $4 միլիոն արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին։

Սոյն օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $3.7 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ մարդասիրական պիտոյքներ ապահոված է հետեւեալ բարեգործական կազմակերպութիւններէն – Direct Relief International ($3.1 միլիոն), Կաթողիկէ Բժշկական Առաքելութեան Վարչութիւն ($445,000), եւ AmeriCares ($164,000)։ Սեպտեմբեր 2017-ին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը այս օժանդակութեան առաջին առաքումը կատարած է, Direct Relief International-ի կողմէ նուիրուած դեղորայքը օդանաւային թռիչքով փոխադրելով Երեւան՝ ՀԲԸՄ Քլոտիա Նազարեան Բժշկական Կեդրոնին (Հայաստանի մէջ Սուրիահայ Բժիշկներու խումբ)։

Հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւս մեծարժէք ապրանքներ նուիրած են այս ժամանակաշրջանին – Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն ($299,000), Project AGAPE ($109,000), Կլէնտէյլի Քաղաքապետութիւն (երկու հրշէջային բեռնատար, որոնք առաքուեցան Արցախի Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան), եւ Queltico LLC ($14,000)։

Անցեալ 28 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը՝ Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են $761 միլիոն ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն, 158 թռիչքներով եւ 2,368 ծովային արկղերով։

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեանը. «մեզի կը մնայ հոգալ միայն առաքման ծախսը։ Մեծապէս կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար կենսական նպաստ տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ [email protected]։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment