Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիա ԱՄՆ-ի Կարիքը Չունի. Էրտողան

Թուրքիա ԱՄՆ-ի Կարիքը Չունի. Էրտողան

by MassisPost

Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու կարիքը չունի,- բառացիօրէն ժամեր առաջ յայտարարած է նախագահ Էրտողան, արձագանգելով երկու երկիրներուն միջեւ արդէն հինգերորդ օրը ըլլալով շարունակուող դիւանագիտական տարակարծութեան:

«Եթէ Միացեալ Նահանգները չ’ընդունիր Թուրքիոյ Հանրապետութիւն, ինչպէս որ կայ, ուրեմն, մենք ձեր կարիքը չունինք: Մենք ցեղախումբ չենք, եւ ոչ ալ այդպիսի պետութիւն: Այս Թուրքիոյ Հանրապետութիւնն է, եւ դուք այն պէ՛տք է ընդունիք: Հակառակ պարագային, կը ներէք, մենք ձեր կարիքը չունինք», – քանի մը անգամ ընդգծած է Թուրքիոյ առաջնորդը:

ՆԱԹՕ-ի անդամ դաշնակիցներուն միջեւ դիւանագիտական ճգնաժամը սկսած ր անցեալ շաբթուան վերջը, երբ թրքական իշխանութիւնները ձերբակալեցին ամերիկեան դիւանագիտական մարմնի աշխատակիցներէն մէկը, Միացեալ Նահանգներ բնակող հոգեւորական գործիչ, անցեալ տարուայ յեղաշրջման փորձին մէջ մեղադրուող Ֆեթուլլահ Կիւլէնի հետ կապեր ունենալու մեղադրանքով: Ի պատասխան, Ուաշինկթըն դիմեց աննախադէպ քայլի, դադրեցնելով մուտքի արտօնագրերու տրամադրումը Թուրքիոյ քաղաքացիներուն, ժամեր անց համարժէք որոշում կայացուց նաեւ պաշտօնական Անգարա, դադրեցնելով անցագրերու տրամադրումը Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն: «Մեր այդ որոշումը յստակ է, եւ մենք անկէ ետ պիտի չկանգնինք, քանի տակաւին Նահանգները չէ փոխած իր դիրքորոշումը», – ընդգծած է Թուրքիոյ նախագահը:

Աւելին, Էրտողան նաեւ Միացեալ Նահանգներու գործող վարչակազմը վիրաւորած է, պնդելով, թէ այս ճգնաժամին մեղաւորը է Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Պաս է, որ, ըստ անոր, որոշումներ կը կայացնէ Ուաշինկթընի փոխարէն. – «Անընդունելի է, որ Միացեալ Նահանգները կը զոհէ Թուրքիոյ նման ռազմավարական գործընկերը յանուն դեսպանի ենթադրութիւններու, եւ ինչ ամօթ է, եթէ Միացեալ Նահանգներու նման հզօր պետութիւնը կը ղեկավարուի Անգարա նստած դեսպանի կողմէ, իսկ անոնք ճիշդ այդպէս կը վարուին»:

«Այժմ Թուրքիոյ իրաւապահ մարմինները կ’որոնեն ամերիկեան դիւանագիտական մարմնի մէկ այլ աշխատակիցը, որ նոյնպէս յստակ կապեր ունեցած է Կիւլէնի հետ», – յայտարարած է Էրտողան, պնդելով, թէ ամերիկեան կողմը կը թաքցնէ կասկածեալն իր հիւպատոսարանին մէջ:

Այսքանով, սակայն, Ուաշինկթընի հասցէին մեղադրանքները չեն աւարտած: «Նահանգները մեզի զէնք չի վաճառեր, անոր փոխարէն անվճար զինամթերք կը բաժնէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն», – յայտարարած է Էրտողան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment