Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Ապրանքաշրջանառութեան Բարձր Աճ Ունի ԵՏՄ Բոլոր Երկիրներուն Հետ. Վարչապետ

Հայաստանը Ապրանքաշրջանառութեան Բարձր Աճ Ունի ԵՏՄ Բոլոր Երկիրներուն Հետ. Վարչապետ

by MassisPost

Հայաստան ապրանքաշրջանառութեան բարձր աճ ունի Եւրասիական տնտեսական միութեան բոլոր երկիրներուն հետ։ Այս մասին այսօր յայտնած է վարչապետ Կարէն Կարապետեան, Հայ-ռուսական միջտարածաշրջանային վեցերորդ եւ Եւրասիական գործընկերութեան երկրորդ միջազգային համաժողովներու համատեղ լիագումար նիստի բացման ժամանակ։

Կառավարութեան ղեկավարն արձանագրած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու միջկառավարական բոլոր մակարդակներու տնտեսական համագործակցութիւնը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ, բայց առկայ ներուժը տակաւին լիարժէք չէ օգտագործուած:

«Աւելին, ներուժը շատ աւելին է, քան այսօր գոյութիւն ունեցողը: Վստահ եմ, որ միջտարածաշրջանային հորիզոնական շփումը կարեւոր բաղադրիչ է, առաւել եւս, որ վերջին շրջանում մենք Հայաստանի կառավարութիւնում ընդգծել ենք մեր մարզերի ղեկավարների հաշուետուողականութեան տնտեսական բաղադրիչի կարեւորութիւնը: Մենք ունենք ապրանքաշրջանառութեան բարձր աճ Եւրասիական տնտեսական միութեան բոլոր երկրների, այդ թուում՝ Ռուսաստանի հետ, ունենք ներմուծման եւ արտահանման աճ: Ռուսաստանեան ներքին անձնագրերով Հայաստան այցելելու հնարաւորութեան վերաբերեալ որոշման ընդունումից յետոյ ունենք 37 տոկոս աճ զբօսաշրջութեան ոլորտում», – նշած է Կարապետեանը:

Ըստ վարչապետին, Հայաստան, որպէս Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ, այսօր կրնայ լաւ հարթակ հանդիսանալ բարեկամներուն համար եւ դիտարկուիլ ոչ միայն որպէս զուտ հայաստանեան ներքին շուկայ, այլեւ որպէս հարթակ, հարեւան երկրի՝ Իրանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար։

«Առաջիկայում մենք աւարտում ենք Իրանի հետ ազատ տնտեսական գօտու կազմակերպման շուրջ աշխատանքները եւ իրանական կողմի հետ պայմանաւորուում ենք սահմանին յատուկ ռեժիմի մասով: Հայաստանն այսօր ունի GSP+ եւ GSP արտօնեալ ռեժիմներ՝ համապատասխանաբար ԵՄ երկրների եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների հետ: Կարծում եմ, որ հնարաւորութեան դէպքում ճիշդ կը լինի քննարկել նաեւ այս աշխատանքներում մեր երկրների մասնակցութեան հեռանկարները», – ըսած է վարչապետը:

Ըստ կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին, Հայ-ռուսական միջտարածաշրջանային 6-րդ ֆորիւմի ծիրին մէջ իրականացուած են թեմատիկ նիստեր՝ երկկողմ միջտարածաշրջանային համագործակցութիւնը տեղեկատուական տեխնոլոկիաներու, արդիւնաբերութեան, նորարարութեան, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ զարգացնելու եւ ընդլայնելու, ինչպէս  նաեւ այս մակարդակի վրայ համաձուլման գործընթացները խթանելու վերաբերեալ:

Եւրասիական գործընկերութեան միջազգային համաժողովի աշխատանքներուն մասնակցած են կառավարութիւններու, գործարար եւ փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, համաշխարհային յայտնի ընկերութիւններու ղեկավարներ Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Պելառուսէն, Ղազախիստանէն, Ղրղըզիստանէն, ԱՄՆ-էն, Չինաստանէն, Քաթարիէն, Հարաւային Քորէայէն, Հնդկաստանէն եւ այլն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment