Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ելք»ը Որոշած է Փաշինեան – Գեղամեան Բախումը Դարձնել Բարոյականութեան Հարցով Յանձնաժողովի Քննարկման Առարկան

«Ելք»ը Որոշած է Փաշինեան – Գեղամեան Բախումը Դարձնել Բարոյականութեան Հարցով Յանձնաժողովի Քննարկման Առարկան

by MassisPost

«Ելք»ը որոշած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաշէս Գեղամեանի միջեւ երէկ տեղի ունեցած բախումը դարձնել բարոյականութեան հարցով ժամանակաւոր յանձնաժողովի քննարկման առարկան:

Նշենք, որ այսօր Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի դահլիճին մէջ յայտարարած է, որ երէկ տեղեակ պահած է «Գեղամեանի խուլիկանական պահուածքին մասին», բայց որեւէ համարժէք արձագանգ ՀՀԿ խմբակցութենէն չէ ստացուած: Եթէ այս մէկը մարտահրաւէր է «Ելք»ին ու զայն ընտրողներուն, Փաշինեանի խօսքով, իրենք կ’ընդունին այն:

«Ելք» խմբակցութեան քարտուղար Գէորգ Գորգիսեան «Ազատութեան» փոխանցած է, որ յառաջիկային շրջանառութեան մէջ պիտի դնեն համապատասխան նախագիծը:

«Նոր կանոնակարգով էթիկայի յանձնաժողովը պէտք է ստեղծուի որպէս ժամանակաւոր յանձնաժողով՝ ըստ պահանջի», – յիշել տուած է պատգամաւորը: – «Հիմա դրա պահանջը կայ, եւ մենք նախաձեռնութեամբ հանդէս կը գանք ստեղծելու այդ յանձնաժողովը, որը կը հետազօտի, կը հետաքննի դէպքը եւ համապատասխան եզրակացութեամբ հանդէս կը գայ», – աւելցուցած է ան:

Փաշինեան պնդած է, թէ ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Արտաշէս Գեղամեան երէկ բռունցքներով յարձակած է իր վրայ: Անոր գործընկեր Էտմոն Մարուքեան «Ազատութեան» մանրամասներ փոխանցած է, թէ մօտենալով Փաշինեանին Գեղամեան ըսած է. «իմ անունն էլ չտաս», ապա՝ հարուածած: Գեղամեան հերքած է, թէ նման բան տեղի ունեցած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment