Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանք էնկըլ. Ոչ Ոք Կրնայ Համոզել Զիս, որ Սաֆարովի Արտայանձնումը Ոչ Մէկ Կապ Ունի Գումարներու Հետ

Ֆրանք էնկըլ. Ոչ Ոք Կրնայ Համոզել Զիս, որ Սաֆարովի Արտայանձնումը Ոչ Մէկ Կապ Ունի Գումարներու Հետ

by MassisPost

Այն պահէն, երբ Ռամիլ Սաֆարով դատապարտուեցաւ Պուտապեշտի մէջ, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը փորձէր համոզել Հունգարիոյ իշխանութիւնները, որպէսզի իրենց յանձնեն բանտարկեալը։ Այս մասին «Budapest Beacon»ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտնած է Եւրոխորհրդարանի անդամ Ֆրանք էնկըլ։

Անոր խօսքով, Պաքուի մէջ խոստացած էին, որ Սաֆարով Ատրպէյճանի բանտը պիտի նստէր, սակայն ինչպէս վարչապետ Ֆերենց Տիւրչան, այնպէս ալ անոր յաջորդած Տիերտ Կորտոն Պայնաի չէին հաւատար այդ ակնյայտ անիրականանալի խոստումին։

«Յետոյ եկաւ Օրպան, եւ, օ՜ հրաշք, Ատրպէյճան կատարած անոր պաշտօնական պետական այցէն ետք Սաֆարով քանի մը շաբաթ անց տուն վերադարձաւ։ Ոչ ոք կրնայ զիս համոզել, որ այն ոչ մէկ կապ ունի գումարներու հետ։ Ոչ մէկ պատճառ կրնար ըլլալ, որուն համար Եւրոպայի մէջ քրիստոնեաներու իրաւունքներու պաշտպան Վիքթոր Օրպան կրնար հրաժարիլ առաջին քրիստոնեայ ազգէն, այսինքն՝ Հայաստանէն, եթէ անոր ու անոր կառավարութեան այդ մէկուն դիմաց չվճարէին»,– ըսած է Էնկըլ։

Պատգամաւորին կարծիքով, ակնյայտ է, որ ատրպէյճանական գումարներու հոսքը հունգարական հաշուեհամարներուն վրայ կը համընկնի ճիշդ 2012 թուականին։ Այն շատ նման է լաւութեան դիմաց գրպանի ծախս ստանալուն։ Էնկըլ նշած է, որ ինք 3 միլիառի մօտ գումարի մասին լսած է, թէեւ հետաքննութեան ժամանակ խօսքը 8 կամ 9 միլիառ եւրոյի մասին էր։ «Թէ ով ստացած է այդ գումարը, այդպէս ալ չպարզուեցաւ»,– նշած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment