Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Վրացիները Կ’ուզեն Կումպուրտոյի Եկեղեցին Ներկայացնել «ԵՈՒՆԵՍՔՕ» եւ Խաչքարի Տեղադրումը Անոր Պիտի Խոչընդոտէ

Վրացիները Կ’ուզեն Կումպուրտոյի Եկեղեցին Ներկայացնել «ԵՈՒՆԵՍՔՕ» եւ Խաչքարի Տեղադրումը Անոր Պիտի Խոչընդոտէ

by MassisPost

Վրացական իշխանութիւնները նպատակ ունին Կումպուրտոյի հայկական եկեղեցին որպէս պատմամշակութային արժէք ներկայացնել «ԵՈՒՆԵՍՔՕ», եւ խաչքարի տեղադրումը անոր խոչընդոտ պիտի հանդիսանայ։ Այս մասին «NEWS.am»ի  հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեան։

Անոր խօսքով, վրացական կողմը կը պնդէ, որ ոսկորները հողի մակարդակին վրայ թաղուած են, իսկ շինարարական աշխատանքներու արդիւնքով այդ մակարդակը պիտի իջնէ, եւ յետագայ շինարարական աշխատանքներու արդիւնքով կրնայ խաչքարի դուրսբերման խնդիր առաջանալ։ Այսինքն, ոսկորներն աւելի խորունկ թաղելէ ետք միայն հնարաւոր պիտի ըլլայ խաչքարի տեղադրումը։

Աւելին, վրացական Հաշտութեան եւ հաւասարութեան փոխնախարարը յայտարարած է, որ վրացական կողմը պատրաստակամ է ժողովուրդին պահանջը բաւարարելու. «Քանի որ եկեղեցու ամբողջ տարածքը հանդիսանում է վրացական պատրիարքարանի սեփականութիւն, պետութիւնը, միանշանակ, իրաւաբանական կողմով պիտի պաշտպանի վրացական  պատրիարքարանի շահերը։ Վերջնական որոշումը  Վիրահայոց թեմը պիտի տայ, իսկ բաւարարումը կարող է լինել պատրիարքարանի բարի կամքի դրսեւորում»,- նշած է Տէր Տաթեւ քահանայ։

Երկուշաբթի օր, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն Սրբազան եւ  Ջաւախքի ու Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական  փոխանորդ Բաբկէն վարդապետ վրաց պատրիարքարանին մէջ հանդիպում ունեցած են պատրիարքութեան, ինչպէս նաեւ վրացի քանի մը պաշտօնեաներու հետ, որպէսզի կատարուած դէպքերուն առումով բանակցութիւններ ընթանան։ Այսօր այդ բանակցութիւններուն մասին հանդիպում տեղի պիտի ունենայ Կումպուրտօ գիւղի բնակիչներուն հետ։

Այժմ կը սպասուի աշխատանքային խումբի ձեւաւորում այդ հարցերը քննարկելու, ինչպէս նաեւ ստեղծուած իրավիճակէն լուծումներ գտնելու եւ ելքեր գտնելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment