Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Պաքու Այլեւս Յոյս Չունի Որոշ Տարածքներ Վերադարձնելու»

«Պաքու Այլեւս Յոյս Չունի Որոշ Տարածքներ Վերադարձնելու»

by MassisPost

«Ես չեմ կարող որեւէ դրական ելք կանխատեսել սպասուող Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումից, այն կը լինի հերթականը, այն կը լինի այնպիսի արդիւնքներով, ինչպիսիք նախորդներն էին: Այսինքն՝ ըստ էութեան, ապարդիւն: Հակամարտող երկրների նախագահների ելոյթներից երեւում է, որ կողմերը, ինչպէս նախկինում, պատրաստ չեն փոխզիջումների, որի դէպքում միայն կարելի է ակնկալել հակամարտութեան փափուկ կարգաւորում»,- «168 ժամ»ի հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնած է Օքսֆորտի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու փրոֆեսոր, Ռուսիոյ եւ Հարաւային Կովկասի հարցերով փորձագէտ Նէյլ Մաքֆարլէյն, անդրադառնալով ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ծիրին մէջ սպասուող գագաթնաժողովի արդիւնքներուն:

Մաքֆարլէյն յիշել տուած է, որ ՄԱԿ ԳԱ-ի ամպիոնէն ե’ւ Սարգսեան, ե’ւ Ալիեւ խօսեցան այն հարցերուն մասին, որոնք իրենց պէտք են, բայց ոչ կարգաւորման ընդհանուր փաթեթին մասին: Ըստ անոր, բոլորին համար պարզ է, թէ ինչ պէտք է տեղի ունենայ հակամարտութեան կարգաւորման համար, սակայն այն ընդունելի չէ իրենց՝ կողմերուն համար: Ուստի, վերլուծաբանին համոզմամբ, այս պարագային որեւէ դրական զարգացում կանխատեսելն անհնար է:

«ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի երկարամեայ անորոշութիւնը կը պահպանուի, ես որեւէ նոր գործընթաց եւ զարգացում չեմ տեսներ: ՄԱԿ-ի ԳԱ ամպիոնէն ՀՀ նախագահը կրցաւ կառուցողականօրէն ներկայացնել հայկական կողմին համար շահաւէտ ընկալուող հարցերը, անոնց մէջ եւս որեւէ նորութիւն չտեսայ, իսկ Ատրպէյճանի նախագահի ելոյթին մէջ յուսահատ ելեւէջներ նկատեցի. ատրպէյճանական կողմն այլեւս յոյս չունի վերադարձնել որոշ տարածքներ եւ յոյսեր կը կապէ խնդիրի պատերազմական ելքին հետ, բան մը, որ անցանկալի է ոչ միայն Հայաստանի, միջնորդներու, այլեւ ինքնին Ատրպէյճանի համար, որ եւ ակնյայտ է, այդ պատճառով կը նշեմ՝ յուսահատ»,- ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment