Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չեխիոյ Սենատի Նախագահ․ «Չեխիա Ատրպէյճանին Զէնք չէ Վաճառած»

Չեխիոյ Սենատի Նախագահ․ «Չեխիա Ատրպէյճանին Զէնք չէ Վաճառած»

by MassisPost

Չեխիոյ խորհրդարանի Սենատի նախագահ Միլան Շթեխ այսօր Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ հրաւիրուած ճեպազրոյցի ժամանակ հաւաստիացուցած է, որ Չեխիա Ատրպէյճանին զէնք չէ վաճառած, աւելին, իր երկիրը կը յարգէ հակամարտութիւններու մէջ ներգրաւուած երկիրներուն զէնք վաճառելու արգելանքը:

Ատրպէյճանական շարք մը լրատուամիջոցներ, մասնաւորապէս, «Թրենտ» եւ «Ազերնիուզ», ինչպէս նաեւ «Военное обозрение» ռուսական ելեկտրոնային պարբերականը, հաղորդած էին, թէ թուրք-ատրպէյճանական վերջին համատեղ զօրավարժութիւններու ժամանակ կիրառուած է նաեւ Չեխիա արտադրուած «Տանա» հրետանային համակարգ: Աւելի վաղ, «Ազատութեան» հարցման ի պատասխան, Չեխիոյ Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած էին, թէ վերջին տարիներուն Փրահա ընդհանրապէս չէ արտօնած «մահաբեր զինատեսակներ»ու վաճառքն Ատրպէյճանին: Նախարարութիւնը նշած էր նաեւ, որ տեղեակ չեն, թէ ինչ ճամբով չեխական արտադրութեան սպառազինութիւնը յայտնուած է Ատրպէյճան:

«Ես կ’ուզեմ հաւաստիացնել, որ չեխական զէնքերը Չեխիոյ Հանրապետութիւնը չէ վաճառած Ատրպէյճանին: Չեխիա կը յարգէ հակամարտութիւններու մէջ ներգրաւուած երկիրներուն զէնք վաճառելու արգելանքը: Չեմ հասկնար, թէ ինչպէս չեխական զէնքերը հասած են Ատրպէյճան, բայց կը հաւաստիացնեմ, որ Չեխիոյ իշխանութիւնները անոր համաձայնութիւն չեն տուած»,- այսօր յայտարարած է Չեխիոյ խորհրդարանի Սենատի նախագահ Միլան Շթեխ:

Վերջինս իր խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին ընտրութիւններուն, շեշտելով, որ Հայաստան ժողովրդավարական երկիր է, ուր ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կ’իրականացուին: «Շատ ուրախ ենք եւ ակնյայտ կը տեսնենք, որ Հայաստանի մէջ կը խորանան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը, բան մը, որ Չեխիա շատ կը գնահատէ: Հայաստանը կը դիտեմ որպէս ժողովրդավարական երկիր, ուր ազատ անկախ ընտրութիւններ կը կայանան, եւ ուր կայ խօսքի ազատութիւն»,-  ըսած է Միլան Շթեխ:

Անոր այս յայտարարութենէն ետք լրագրողները պատուիրակութեան անդամ, չեխ պատգամաւոր Միրոսլաւ Նենութիլին հարց ուղղած են, թէ Չեխիոյ խորհրդարանի Սենատի նախագահն ինչպէ՞ս  համոզուած է, թէ Հայաստանի մէջ ազատ եւ արդար ընտրութիւններ տեղի կ’ունենան: Հնչած հարցէն թեթեւ շփոթի մատնուելով, Նենութիլ պատասխանած է, որ այդ տեղեկութիւնն իրենք կը ստանան Չեխիոյ Արտաքին գործոց նախարարութենէն, որ եւ հաւանաբար այն ստացած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment