Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՊԿ-ի Լայնածաւալ Զօրավարժութիւններ 12 Հազար Զինծառայողի Մասնակցութեամբ

ՀԱՊԿ-ի Լայնածաւալ Զօրավարժութիւններ 12 Հազար Զինծառայողի Մասնակցութեամբ

by MassisPost

Տասներկու հազար զինծառայողէ բաղկացած անձնակազմ, 1500-է աւելի զրահամթերք եւ տեխնիկա, 50-է աւելի թռչող սարքեր. ՀԱՊԿ-ի ծրագիրին համաձայն, 6 Հոկտեմբերէն սկսեալ պիտի իրականացուին լայնածաւալ զօրավարժութիւններ: Ինչպէս «Արմէնբրէս»ի մամլոյ սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ նշած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախկին նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան, զօրավարժութիւնները պիտի իրականացուին 4 պետութեան տարածքի մէջ՝ Ռուսիա, Հայաստան, Ղազախիստան, Տաճիկիստան: Պիտի մասնակցին ՀԱՊԿ անդամ բոլոր պետութիւնները: Նպատակն է բարելաւել ՀԱՊԿ կազմակերպութեան ղեկավարման համակարգը:

«Ինչպէս գիտէք ՀԱՊԿ կանոնադրութիւնն է ասում` կանխել ակրեսիան անդամ պետութիւնների հանդէպ: Ահա այս համատեղ զօրավարժութիւնը, որի անուանումն է «Մարտական եղբայրութիւն 2017» անցկացուելու է մի քանի փուլերով: Հայաստանում մի փուլն է անցկացուելու, մասնակցելու են հետախուզական ստորաբաժանումներ, վերջերս ձեւաւորուած խմբաւորումը, օփերաթիւ արձագանգման քոլեքթիւ ուժերը եւ այլն: Վերջին փուլը անցկացուելու է Տաճիկիստանում»,- յայտնած է Վաղարշակ Յարութիւնեան:

Զօրավարժութիւններուն ներկայ պիտի գտնուին ՀԱՊԿ-ի ղեկավարութիւնը, քարտուղարութիւնը, Կարմիր խաչը:

Լրագրողներու այն հարցին, թէ այս զօրավարժութիւններով պայմանաւորուած Ատրպէյճան արդեօք կ’անհանգստանա՞յ, Վաղարշակ Յարութիւնեան պատասխանած է, որ անհանգստութիւն կայ եւ այն բնական է:

Վաղարշակ Յարութիւնեանի խօսքով, այս զօրավարժութիւնները կը վկայեն, որ ռազմական համագործակցութիւնն ամենաբարձր մակարդակի վրայ է:

«Մեր նպատակը հետեւեալն է` զարգացնել մեր բանակը, իսկ այդ համատեքստում այսպիսի զօրավարժութիւնները շատ կարեւոր են: Այդ ժամանակ ուսումնասիրուում են տարբեր հարցեր, բարձր պատրաստուածութեան են բերուում զօրքերը` ակրեսիայի դէպքում ճիշդ գործելու համար: Այնպէս, որ հայկական բանակն ուժեղանում է` կանխելով ակրեսիան»,- ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment