Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն իր քաղաքացիներուն կոչ կ’ուղղէ «չայցելել Հայաստանի կողմէ գրաւուած ատրպէյճանական տարածքներ»: Նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին հրապարակուած յայտարարութեան համաձայն, «Ատրպէյճանին պատկանող այդ շրջաններ այցելութիւնն առանց Ատրպէյճանի իշխանութիւններու թոյլտուութեան կը հակասէ միջազգային իրաւունքի նորմերուն եւ, ըստ ատրպէյճանական օրէնքներուն, կրնայ յանգեցնել տարբեր պատժամիջոցներու կիրառմանը»:
Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութիւնը կը զգուշացնէ նաեւ, որ «անհրաժեշտութեան պարագային չի կրնար պատշաճ հիւպատոսական պաշտպանութիւն ապահովել գրաւեալ տարածքներ այցելած իր քաղաքացիներուն համար», յորդորելով խուսափիլ նման ուղեւորութիւններէ: