Ջաւախքի շրջանի Գումբուրդօ գիւղի 10րդ դարուն կառուցուած գիւղի եկեղեցւոյ բակին մէջ, նոր խաչքար մը զետեղելու պահուն գիւղի բնակչութեան եւ վրացի ոստիկաններու միջեւ բախում տեղի ունեցած է: Այս պատճառով եկեղեցին փակուած է եւ ձեւով մը գրաւուած:
News.am լրատու գործակալութեան համաձայն Գումբորդոյի խումբ մը բնակիչներ կը փորձեն Թբիլիսի մեկնիլ, պարզաբանում պահանջելու համար ստեղծուած իրավիճակի մասին: Մինչ այդ ոստիկանական ինքնաշարժները գիւղին մէջ կը հսկեն լարուած կացութիւնը: Բայց անհասկանալի է այդ հսկողութիւնը, քանի որ երկար տարիներ մարդիկ ապրած են այդ գիւղին մէջ եւ եկեղեցին ալ իրենցն է ու ոչ ոք ցարդ ձեռք չէր դպած այդ ազգային կառոյցին:
«Վրաց իշխանութիւններու ցանկութիւնն է ոչ թէ եկեղեցին մշակոյթի յուշարձանի վերածել, այլ վերանորոգութիւններ կը կատարեն, որպէսզի թուրիզմը զարգացնեն, քանի որ զիրենք հետաքրքրողը փողն է միայն» ըսաւ «Վիրք» կուսակցութեան համանախագահ Դաւիթ Ոստակեանը:
Վրաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեանը, որ վերջին օրերուն Հայաստան կը գտնուէր եւ կը ծրագրէր Ախալքալաք մեկննիլ, որոշած է ուղղակի Թբիլիսի երթալ եւ մօտէն զբաղիլ վերոյիշեալ հարցով:
Արդարեւ խաչքարի տեղադրման հարցը դեռ լուծուած չէ: Բախումներու հետեւանքով կային 2 ձերբակալեալներ, որոնք ազատ արձակուած են Վրաստանի Ներքին Գործոց նախարար Գէորգի Մհերիշվիլիի հետ եղած բանակցութիւններէն ետք:
Նշենք նաեւ խաչքարի զետեղման հարցով եղած միջադէպի հետեւանքներու լուծման համար իրենց միջամտութիւնները կատարած են նաեւ Վրաստանի Խորհրդարանի պատգամաւոր Սամուէլ Մանուկեանն ու Ախալքալաքի քաղաքապետութեան թեկնածու Սամուէլ Պետրոսեանը:
Յիշեցնենք որ ոստիկանները ներս չեն թոյլատրած հաւատացեալներու մուտքը, ըսելով որ ունին համապատասխան հրաման: Իրավիճակը սաստկացած է ու դէպքին վայր ժամանած են յատուկ նշանակոթեան զօրքերը: Ոստիկանները օդը կրակած են ու մահակներով դաժանաբար ծեծած տեղւոյն հայ բնակիչներուն: