Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Կիպրոսի Օֆշորի» Գործով Մեղադրեալ Աշոտ Սուքիասեանը Դատապարտուեցաւ 16 տարուայ Ազատազրկման

«Կիպրոսի Օֆշորի» Գործով Մեղադրեալ Աշոտ Սուքիասեանը Դատապարտուեցաւ 16 տարուայ Ազատազրկման

by MassisPost

Օֆշորի գործով կալանաւորուած Աշոտ Սուքիասեան Երկուշաբթի օրը դատապարտուած է 16 տարուայ ազատազրկման։

Յիշեցնենք, որ այս գորով կը շօշափուէին նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Նաւասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյեանի անունները, սակայն Աշոտ Սուքիասեան հերքած էր անոնց մասնակցութիւնն այս գործին եւ նշած, որ ստորագրութիւններն ինք կեղծած է։ Գործարար Փայլակ Հայրապետեան ըստ այս գործի իր ողջ ունեցուածքը տրամադրած էր Աշոտ Սուքիասեանին, ադամանդագործութեան առեւտուր սկսելու համար։ Սակայն յետագային պարզած էր, որ խաբուած է, եւ որեւէ առեւտուր պիտի չսկսի։

ofshor-3Էրեբունի եւ Նուպարաշէն վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Վարդան Գրիգորեան Աշոտ Սուքիասեանը մեղաւոր ճանչցած է մեղսագրուած արարքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ արժանահաւատ չէ համարած վերջինիս այն պնդումները, թէ իր եւ Փայլակ Հայրապետեանի միջեւ քաղաքացիա-իրաւական յարաբերութիւններ եղած են։

Ըստ վճիռին, Աշոտ Սուքիասեան պէտք է փոխհատուցէ նաեւ քանի մը միլիառի հասնող գումար, որուն մէկ մասը պէտք է մուտքագրուի պետական պիւտճէ, իսկ միւս մասը՝ գործով տուժողներուն՝ Փայլակ Հայրապետեանին, անոր որդիին եւ խնամիին։

Նշենք, որ մեղադրողը միջնորդած էր Աշոտ Սուքիասեանը դատապարտել 15 տարուայ ազատազրկման, սակայն դատաւորը խստացուցած է պատժաչափը՝ սահմանելով 16 տարի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment