Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լրագրողական Կազմակերպութիւնները Վանաձորի Մէջ Լրագրողի Նկատմամբ Բռնութեան Դէպքով Անաչառ Քննութիւն կը Պահանջեն

Լրագրողական Կազմակերպութիւնները Վանաձորի Մէջ Լրագրողի Նկատմամբ Բռնութեան Դէպքով Անաչառ Քննութիւն կը Պահանջեն

by MassisPost

Մօտ մէկ տասնեակ լրագրողական կազմակերպութիւններ համատեղ յայտարարութիւն տարածած են 28 Սեպտեմբերին «Լոռի» հեռուստաընկերութեան գլխաւոր խմբագիր Նարինէ Աւետիսեանին նկատմամբ տեղի ունեցած բռնութեան առումով։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 28 Սեպտեմբերի երեկոյեան Վանաձորի մէջ մասնագիտական պարտականութիւնները կատարած ժամանակ Նարինէ Աւետիսեան մարմնական բռնութեան ենթարկուած է։

«Նա, տեղեկութիւն ստանալով, որ յորդառատ անձրեւի պայմաններում քաղաքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցուն կից կամրջի վրայ ասֆալտապատում է իրականացուում, մեկնել է այդ վայր։ Նկարահանումներ կատարելու պահին «Շինփլիւս» շինարարական կազմակերպութեան ղեկավար Տիգրան Նազարեանն իր աշխատակիցների հետ յարձակուել է Նարինէ Աւետիսեանի վրայ, ոլորել թեւերը, նրան գցել գետնին եւ խլել հեռախօսը։

Մենք՝ ներքոստորագրեալ լրագրողական կազմակերպութիւններս, ի գիտութիւն ենք ընդունում, որ միջադէպի փաստով քրէական գործ է յարուցուել։ Միեւնոյն ժամանակ ստիպուած ենք արձանագրել, որ ըստ մեր բազմամեայ դիտարկումների, տասնեակ այսօրինակ գործեր անարդիւնք են մնացել, եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան չեն ենթարկուել։ Այս միջադէպն էլ նմանատիպ իրաւախախտումների անհետեւանք մնալու եւ ձեւաւորուած անպատժելիութեան մթնոլորտի արդիւնք է։ Ընդ որում, առաջին անգամ չէ, երբ իր աշխատանքը կատարելիս Նարինէ Աւետիսեանը ճնշման է ենթարկուում», – նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Կազմակերպութիւնները նշած են, որ հաշուի առնելով վերոգրեալը, կը պահանջեն Քննչական կոմիտէի Վանաձորի ստորաբաժանումէն սկզբունքայնութիւն ցուցաբերել եւ անաչառ քննութիւն իրականացնել դէպքի բոլոր հանգամանքներուն համապատասխան գնահատականներ տալու եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար, Հայաստանի դատախազութենէն՝ պատշաճ հսկողութիւն սահմանել նախաքննութեան անաչառութիւնն ապահովելու նպատակով։

«Մենք ուշադիր հետեւելու ենք իրաւապահ մարմինների գործողութիւններին եւ հանրութեանն իրազեկելու ենք այս քրէական գործի ընթացքի եւ արդիւնքների մասին», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment