Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն ու Եւրոմիութիւնը Շուտով Պիտի Ստորագրեն Համապարփակ եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիր

Հայաստանն ու Եւրոմիութիւնը Շուտով Պիտի Ստորագրեն Համապարփակ եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիր

by MassisPost

Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ համատեղ ասուլիս յայտարարած Եւրոպական յանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Յոհաննէս Հան այսօր Երեւանի մէջ հաւաստիացուցած է, որ Հայաստանն ու Եւրոմիութիւնը շուտով պիտի ստորագրեն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը:

Նալպանտեանի հրաւէրով Հան այսօր ժամանած է Երեւան, այստեղ ան հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ու վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ:

«Եւրոմիութիւնն ու Հայաստանը շուտով պիտի ստորագրեն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Այս փաստաթուղթը Եւրամիութեան ու Հայաստանի միջեւ համաձայնեցուած գործընկերութեան առաջնահերթութիւններու փաստաթուղթին հետ միասին, պիտի խորացնեն մեր համագործակցութիւնը: Թոյլ տուէք ըսել, որ համաձայնագիրը առաջին նմանատիպ փաստաթուղթն է, որ պիտի ստորագրուի Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու հետ, եւ Հայաստան այդ երկիրներէն առաջինն է, որ աւարտին հասցուցած է գործընկերութեան առաջնահերթութիւնները Եւրոմիութեան հետ: Մենք շահագրգռուած ենք տեսնելու, թէ այս նոր համաձայնագիրը ինչպէս կեանքի պիտի կոչուի, որովհետեւ այս նախագիծ մըն է այլ հնարաւոր յարաբերութիւններու համար: Հայաստանի հետ կնքուելիք համաձայնագիրին կարեւորութիւնը դուրս կու գայ Երեւանի հետ երկկողմ յարաբերութիւններու դաշտէն», – ըսած է Եւրոյանձնաժողովի բարձրաստիճան պաշտօնեան:

Այն բանէն ետք, երբ 2013 թուականի Սեպտեմբերի 3-ին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններուն որպէս արդիւնք նախագահ Սերժ Սարգսեան շատերու համար անակնկալ կերպով յայտարարեց Քրեմլինի նախաձեռնած մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան մասին, անով իսկ անհնար դարձնելով Եւրոմիութեան հետ նոյն տարին նախատեսուած համաձայնագիրի ստորագրումը, Երեւանի եւ Պրիւքսէլի միջեւ նոր համաձայնագիրի ստորագրման համար փաստօրէն չորս տարի պահանջուեցաւ:

«Այս նոր համաձայնագիրը պիտի ցուցադրէ, որ Հայաստանի համար հնարաւոր է եւրասիական մերձեցման գործընթացին մաս կազմել ու միաժամանակ Եւրոմիութեան հետ հաստատել համապարփակ ու ընդլայնուած յարաբերութիւններ: Այս բոլորի ետին հետեւեալ գաղափարն է՝ այն կրնայ օրինակ ծառայել ուրիշներուն համար, եթէ անոնք կը ցանկան», – նշած է Հան:

Արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեանի խօսքով, Հայաստան մտադիր է խորացնել յարաբերութիւնները Եւրոմիութեան հետ․ – «Հայաստան սերտ կապեր ունի Եւրոպական միութեան հետ եւ մտադիր է ընդլայնել համապարփակ համագործակցութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներում: Եւրոպական միութիւնը արժէքաւոր աջակցութիւն է ցուցաբերում մեր երկրում ընթացող բարեփոխումներին»:

Անդրադառնալով Պրիւքսէլի հետ ստորագրուելիք համաձայնագիրին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ այն կրնայ հանդիսանալ Պելճիքայի մայրաքաղաքին մէջ 24 Նոյեմբերին կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի հիմնական ձեռքբերումներէն մէկը․ – «Աւարտուել է նաեւ Հայաստանի եւ Եւրամիութեան միջեւ գործընկերութեան առաջնահերթութիւնների փաստաթղթի համաձայնեցումը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment