Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ստեղծուած է Երեւանի 2800-Ամեակի Յոբելինական Յանձնաժողով՝ Վարչապետին Գլխաւորութեամբ

Ստեղծուած է Երեւանի 2800-Ամեակի Յոբելինական Յանձնաժողով՝ Վարչապետին Գլխաւորութեամբ

by MassisPost

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր հրամանագիր  ստորագրած է Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին նուիրուած միջոցառումները նախապատրաստող եւ կազմակերպող յոբելինական յանձնաժողով ստեղծելու մասին:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ, յանձնաժողովի նախագահը վարչապետ Կարէն Կարապետեան է, փոխնախագահները՝ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Էտուարտ Շարմազանով, յանձնաժողովին մէջ ընդգրկուած են շարք մը նախարարներ, այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, գիտական հաստատութիւններու ղեկավար ներկայացուցիչներ, Հանրային խորհուրդի, Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան խորհուրդի նախագահները:

Կառավարութեան յանձնարարուած է քաղաքապետին հետ համատեղ ապահովել Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու պատշաճ իրականացումը, յանձնաժողովին՝ հրամանագիրն ուժի մէջ մտնելէն ետք եռամսեայ ժամկէտի մէջ հաստատել յոբելինական տօնակատարութիւններուն նուիրուած միջոցառումներու ծրագիրն ու ժամանակացոյցը:

Երեւանի 2800-ամեակը պիտի նշուի յաջորդ տարի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment