Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարը Ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարներու Նիւ-Եորքեան Հանդիպումը

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարը Ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարներու Նիւ-Եորքեան Հանդիպումը

by MassisPost

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի խօսնակ Սթեֆան Տիւժարիք հանդէս եկած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին վերաբերեալ յայտարարութեամբ:

«Գլխաւոր քարտուղարը կ’ողջունէ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի գլխաւոր համաժողովի ծիրին մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը։ Ան կ’աջակցի լարուածութեան նուազեցման եւ բանակցային գործընթացի վերականգնման ուղղութեամբ համանախագահներու ջանքերուն։

Գլխաւոր քարտուղարը յոյսով է, որ նախագահներու մակարդակով նախատեսուող հանդիպումը պիտի նպաստէ կողմերուն միջեւ վստահութեան աճի ու անհրաժեշտ քաղաքական կամքի խթանման, խաղաղ փոխզիջումնային լուծումներ գտնելու առանցքային առկախ հարցերու վերաբերեալ»,- ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի ֆէյսպուքեան էջին համաձայն, նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Նշենք, որ 23 Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ կայացած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներ Էտուարտ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամէտեարովի հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով, Սթեֆան Վիսքոնթի, Էնտրիու Շոֆըր, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրշիք։ Հանդիպման ժամանակ քննարկուած են յառաջիկային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման կազմակերպման հետ կապուած հարցեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment