Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ Յանձնաժողովը Բացասական Եզրակացութիւն Տուած է «Ելք»ի Առաջարկին

ԱԺ Յանձնաժողովը Բացասական Եզրակացութիւն Տուած է «Ելք»ի Առաջարկին

by MassisPost

Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովն այսօր ձայներու 10 դէմ, 1 կողմ յարաբերակցութեամբ բացասական եզրակացութիւն տուած է «Ելք» խմբակցութեան առաջարկին, որով նախատեսուած էր ստեղծել յանձնաժողով՝ ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան օգուտներն ու վնասներն ուսումնասիրելու համար:

«Ելք»ը կը պնդէ, որ ԵԱՏՄ անդամակցութիւնը Հայաստանի համար շահեկան չէ․ դաշինքին միանալու հետեւանքով էական հետընթաց արձանագրուած է հասարակական-տնտեսական ոլորտներուն մէջ, նաեւ չէ ամրապնդուած Հայաստանի անվտանգութիւնը, ինչպէս կը պնդէին իշխանութեան ներկայացուցիչները:

Ինչ կը վերաբերի «Ելք»ի ներկայացուցած ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու մասին ԱԺ յայտարարութեան նախագիծին, յանձնաժողովին մէջ անոր քննարկումը յետաձգուած է 2 ամիսով, զեկուցող Էտմոն Մարուքեանի բացակայութեան պատճառով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment