Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շիրակի Պետական Համալսարանին Շուրջ Հարիւր Ուսանող Դասադուլ Կազմակերպած են

Շիրակի Պետական Համալսարանին Շուրջ Հարիւր Ուսանող Դասադուլ Կազմակերպած են

by MassisPost

Շիրակի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժնի 100-է աւելի ուսանողներ այսօր դասադուլ յայտարարած էին, ի պաշտպանութիւն պատմութեան ամպիոնի վարիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Յովհաննէս Խորիկեանին, որ կը պնդէ, որ համալսարանի ռեկտորը իր նկատմամբ պատժիչ գործողութիւններ սկսած է:

Անոնք կը պահանջեն, որ անօրինական ճանչցուի համալսարանի գիտական խորհուրդի որոշումը, որով անվստահութիւն յայտնած են պատմութեան ամպիոնի վարիչի պաշտօնակատար Յովհաննէս Խորիկեանին:

Խորիկեան ու համալսարանի մէկ այլ դասախօս՝ Գագիկ Համբարեան նախագահին ու վարչապետին օրերս ուղղուած բաց նամակի հեղինակներն են: Վերջիններս ռեկտոր Սահակ Մինասեանը կը մեղադրեն շարք մը չարաշահումներու, գումարներու փոշիացման մէջ:

Դասադուլին աւելի ուշ համալսարանի այլ բաժիններու ուսանողներ եւս միացած են, վերջիններս ալ կը պահանջէին չկրճատել ուսման վարձի զեղջերը:

«Սրանից առաջ բարձր գնահատական ունեցող ուսանողները օգտուել են մի շարք զեղչերից, իսկ հիմա բարձր գնահատական ունեցող ուսանողներն այլեւս չեն օգտուում այդ զեղչերից», – «Ազատութեան» յայտնած է ուսանողներէն մէկը:

Մէկ տարի առաջ պաշտօնը ստանձնած համալսարանի ռեկտոր Սահակ Մինասեան պնդած է, որ վարձավճարներու զեղջերու հարցը կը փորձեն շահարկել, վստահեցնելով, որ կարգին մէջ փոփոխութիւններ չէ մտցուցած․ – «Չկայ ոչ մի որոշում դեռեւս հրապարակուած զեղչերի վերաբերեալ: Բնական է, որ խօսակցութիւնները կա՛մ ապատեղեկատուութեան, կա՛մ ոչ ճիշդ մեկնաբանութեան արդիւնք են»:

Յովհաննէս Խորիկեան նշած է, որ կը գիտակցին, թէ ինչ քայլի կը դիմեն, բայց լռել այլեւս չեն կրնար․ – «Նախագահին եւ վարչապետին խնդրել ենք, որ իրենց կողմից կազմակերպուեն այստեղ համապատասխան ֆինանսական եւ այլ ստուգումներ: Ստուգումները թող ցոյց տան, թէ իրականում էստեղ ինչ իրավիճակ է տիրում»։

«Համբերութեան բաժակը լցուել է», – գործընկերոջ խօսքը շարունակած է Գագիկ Համբարեան փաստաթուղթերով ներկայացնելով ու հիմնաւորելով բաց նամակին մէջ իրենց բարձրաձայնած մեղադրանքները: Դասախօսները ռեկտոր Սահակ Մինասեանը կը մեղադրեն նախկին ռեկտորէն ժառանգ մնացած 500 միլիոն դրամը փոշիացնելու մէջ:

Բաց նամակին մէջ տեղ գտած մեղադրանքներէն ոչ մէկն ընդունած է Սահակ Մինասեան, զանոնք յերիւրանք որակելով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment