Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեան Ընդունած է ԱՄՆ Քոնկրէսականներու Պատուիրակութիւնը

Սերժ Սարգսեան Ընդունած է ԱՄՆ Քոնկրէսականներու Պատուիրակութիւնը

by MassisPost

Սերժ Սարգսեան այսօր ընդունած է ԱՄՆ քոնկրէսականներու պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ են ինչպէս Հանրապետական, այնպէս ալ Դեմոկրատական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրանք Փալոն եւ Ճաքի Սփիըր, քոնկրէսականներ Աննա Էշու, Թուլսի Կապրտ եւ Ճիմ Սենսենպրնըր:

Նշելով, որ ԱՄՆ Քոնկրէսի երկկուսակցական պատուիրակութեան այցը Հայաստան կը վկայէ այն մասին, որ ԱՄՆ-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման հարցին մէջ Հայաստան աջակիցներ եւ բարեկամներ ունի թէ՛ հանրապետականներու եւ թէ դեմոկրատներու շարքերուն մէջ, Սերժ Սարգսեան խորհրդանշական համարած է, որ ԱՄՆ քոնկրէսականներն այցելած են Հայաստան երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման յոբելեանական՝ 25-րդ տարին: Այս մասին նշուած է նախագահի կայքէջին տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:

ԱՄՆ քոնկրէսականներն, իրենց հերթին, նշած են, որ ուրախ են Անկախութեան տօնին օրը Հայաստան գտնուելու եւ տօնը հայ ժողովուրդին հետ միասին նշելու հնարաւորութեան համար: Քոնկրէսականներն իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են ջանքեր գործադրելու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու յետագայ ընդլայնման ու խորացման ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment