Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովը Աւարտեց իր Աշխատանքները

Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովը Աւարտեց իր Աշխատանքները

by MassisPost

Եռօրեայ քննարկումներէ ու ելոյթներէ ետք համաժողովի սփիւռքահայ մասնակիցները յայտարարեցին. «Կ’երթանք սպասումով ու յոյսով, որ երկրի առաջին դէմքերու խոստումներն ու ծրագիրները թուղթի վրայ պիտի չմնան»։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի խօսքով, իշխանութիւնն առաջին հերթին պէտք է կանխէ արտագաղթը։ «Եթէ Հայաստան ապրող հայը կը ձգտի Ֆրանսա, Սպանիա, ուրեմն դժուար թէ այդ պարագային հայրենիք ապրելու համար վերադառնան ամերիկահայերը», – շեշտած է Խանճեան ու աւելցուցած, որ հաւատքը վերականգնելու խնդիր կայ․ – «Այս հարցին իմ պատասխանս ես կրնամ գտնել 2018-ի Ապրիլին կամ Մայիսին: Տեսնենք, թէ ինչ պիտի պատահի, երբ սկսին կիրարկուիլ սահմանադրական փոփոխութիւնները, եւ տեսնենք, որ այստեղ սահմանադրականօրէն, արդարօրէն երկրի իշխանութիւններուն մէջ փոփոխութիւն կայ»:

Խօսքը գործով ապացուցելու յոյսով համաժողովն ամփոփած է նաեւ լիբանանահայ Ահարոն Շխրտմեան։ Անոր խօսքով, իր ծննդավայրին մէջ շատեր կը ցանկան գալ ու ներդրում կատարել այստեղ, բայց առկայ արհեստական դժուարութիւնները չեն խրախուսեր գործարարները․ – «Կը մաղթենք, որ այս համաժողովը զգայ, որ դժուարութիւններ կան, որոնցմէ մէկը՝ ներդրումներու եւ Հայաստանի մէջ աշխատանքային պայմաններ ստեղծելու հարցը, լուրջ հարց է սփիւռքահայ գործարարին համար: Պէտք է լրջօրէն մտածել այս ուղղութեամբ եւ լուծումներ գտնել: Լաւատեսութեամբ կը սպասենք, որ այս համաժողովին արծարծուած միտքերը կեանք ստանան, եւ մարդիկ այդ փոփոխութիւններով, բարեփոխումներով ոգեւորուին: Եւ այդ գործնական առաջարկները, գործակցութիւնը աւելի զարգանայ»:

Ահարոն Շխրտմեանը կը մտահոգէ նաեւ Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան հարցը։ Լիբանանի հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան մամլոյ հարցերու պատասխանատուն նշած է, որ այս երեք օրերու ընթացքին յաճախ հնչեց այն միտք, որ Սփիւռքը կը նօսրանայ, իսկ երիտասարդները կը կորսնցնեն հետաքրքրութիւնը Հայաստանի նկատմամբ։

60 հազարնոց լիբանանահայ համայնքը նոյնպէս կը յուզէ ազգային ինքնութեան պահպանութեան խնդիրը․ – «Լիբանանի մէջ, որ Սփիւռքի սիրտը կը համարուի, մարդիկ կը խօսին օտար լեզուով, տուներուն մէջ ծնողներն իրենց զաւակներուն հետ օտար լեզուով կը խօսին: Օտար վարժարաններ յաճախող հայ ուսանողներու թիւն աւելցած է»:

Եռօրեայ համաժողովին կը մասնակցէր մօտ 1500 սփիւռքահայ աշխարհի 70 երկրէ։ Համաժողովի իրականացման համար ծախսուած էր 85 միլիոն դրամ (մօտ 178 հազար տոլար), որ յատկացուած է պիւտճէէն եւ Կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն:

Հայապահպանութեան հարցերէն զատ, օրակարգային էին նաեւ հայաստանցիներու սոցիալ-տնտեսական խնդիրները։

ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի արհմիութիւններու նախագահ Շուշան Բախբուդարեանի խօսքով, շարունակուող արտագաղթը կ’ապացուցէ, որ անցեալին հնչած գեղեցիկ խօսքերն իրականութիւն չեն դարձած: Ան նշած է թէ պիտի աշխատի, որ Հայաստանի մէջ հզօրանայ արհմիութիւններու դերը․ – «Հիմա պէտք է միասնաբար աշխատինք արհմիութիւններուն հետ, կառավարական պաշտօնեաներուն հետ, տեսնենք ինչպէս կրնանք օգտակար դառնալ: Մենք բոլորս հայ ենք, պէտք է մեր հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին համար աշխատինք»:

Համաժողովի աւարտին լրագրողներուն հետ ճեպազրոյց ունեցած է Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Անդրադառնալով այս երեք օրերու ընթացքին որոշ սփիւռքահայերու այն դիտարկումներուն, որ նախորդ համաժողովներու ընթացքին հնչած շատ խօսքեր մնացած են անկատար, Յակոբեան յայտնած է, թէ չի գիտեր ով հնչեցուցած է նման միտք․ – «Ես չեմ կարծում, որ մէկ-երկուսի արտայայտութիւնը, եւ դա դարձել է ուղղակի բանաձեւ․․․ Նախորդ համաժողովի ընթացքում հայապահպանութեանը նուիրուած մեխանիզմներ, կառուցակարգերն են առաջարկուել, դրանք հիմնականում իրականացուել են՝ ամառային դպրոցի ձեւով, «Իմ Հայաստան» փառատօնի ձեւով, «Երգում ենք Կոմիտաս» իրենց առաջարկութիւնն էր․․․ Սոցիալ-տնտեսական իրավիճակի հետ կապուած էլ, կարծում եմ, այսօր մենք պատկեր ցոյց տուեցինք Էռնեկեանի, Սրմաքէշի, Սամուէլ Կարապետեանի, միւս մեծերի, որոնք ինչքան մեծ ներդրումներ են արել եւ շարունակում են անել Հայաստանում»:

6-րդ համաժողովն իր աւարտը յայտնեց համատեղ յայտարարութեամբ։ Մասնակիցները վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը միասնաբար եւ փոխադարձ պատասխանատուութեամբ, մարդկային, նիւթական եւ հոգեւոր ներուժի համախմբմամբ առաւել ամրապնդել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռաﬕասնութիւնը, եւ ջանքեր ներդնել հայութեան համար առանցքային խնդիրներու լուծման համար։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment