Այս օրերուն Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովը:
Ներկայ գտնուելով ու տարբեր ելոյթներու ընդմէջէն ծանօթանալով Համաժողովի ընթացքին արտայայտուած տեսակէտներուն, կարելի է արձանագրել որ, բացի Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի հարցէն, անջրպետ մը գոյութիւն ունի Հայաստանի պետական պաշտօնեաներու արտայայտած լաւատեսութեանց ու արտասահմանէն եկած պատուիրակներուն առաջնահերթութիւններուն եւ ունեցած մտահոգութիւններուն միջեւ: Հայաստանի ներկայացուցիչները, սկսեալ նախագահէն, անցնելու համար վարչապետին, պաշտպանութեան նախարարին եւ իշխանութեան այլ ներկայացուցիչներուն, կը խօսին երկրի յառաջդիմութեան, նոր սահմանադրութեան ընձեռած առիթներուն, «օրինակելի ընտրութիւններու», տնտեսութեան զարգացման, օտար ներդրումներու հոսքի եւ 4 միլիոն հայութեամբ երկիր դառնալու հեռանկարի մասին:
Միւս կողմէ, արտասահմանի ներկայացուցիչները իրենց մտահոգութիւնները կը փոխանցեն առաջին հերթին տակաւ շարունակուող արտագաղթի, ու անոր հետեւանք եղող ժողովրդագրական իրավիճակի վատթարացման, ընկերային անարդարութեանց, ժողովուրդի աղքատութեան եւ երկրի դիմագրաւած այլ տագնապներու մասին:
Համաժողովին նախորդած ժամանակաշրջանին, Հայաստանի մամուլն ու մեկնաբանները կ’արտայայտէին այն կարծիքը, թէ Համաժողովի սփիւռքահայ պատուիրակները կը ժամանեն Հայաստան իշխանութիւններուն կողմէ «շահագործուելու » ու անոնց խնկարկելու համար:
Սակայն, իսկական պատերը եղաւ այն, որ սփիւռքահայութեան ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներուն, հարցադրումներուն եւ մամուլի հարցազրոյցներուն ընդմէջէն, առանց վարանելու կը քննադատեն իշխանութիւններու գործելաոճը, ցոյց տալով որ չեն եկած ծափահարելու եւ կամ ներկայացուածը ընդունելու` ինչպէս որ է: Այս իմաստով, սփիւռքահայութեան մասնակցութիւնը Համաժողովին կարելի է նկատել արդարացուած:
Այժմ, Հայաստանի ղեկավարութեան կը մնայ աշխատիլ` գոյութիւն ունեցող առաջնահերթութիւններու անջրպետը մօտեցնել զիրար, որպէսզի սփիւռքահայութիւնը աւելի վստահութեամբ իր մասնակցութեան բաժինը բերէ Հայրենիքի զարգացման գործին:
«ՄԱՍԻՍ »