Ընդդիմադիր «Ելք» դաշինքը չի մասնակցիր այսօր Երեւանի մէջ մեկնարկած Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին, որովհետեւ դաշինքի կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ ԱԺ կամ Երեւանի աւագանիի խմբակցութեան անդամները համաժողովին մասնակցելու հրաւէրներ չեն ստացած, ինչպէս նաեւ չեն հրաւիրուած Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն վերաբերեալ դաշինքի մօտեցումները յայտնելու: Այդ մասին իր ֆէյսպուքեան էջին գրած է Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան:
Այս եւ քանի մը այլ փաստեր, ըստ Փաշինեանի, «գալիս են վկայելու, որ միջոցառումը միտուած է Սերժ Սարգսեանի PR ակցիայի վերածուելու»:
Յիշեցնելով, որ «Ելք»ի նախընտրական ծրագիրի կարեւորագոյն կէտերէն մէկը Սփիւռքի համայնքներու ներկայացուցիչներէ կազմուած Հայաստանի խորհրդարանի երկրորդ պալատի ստեղծումն է, դաշինքի խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարը գրած է․- «Այս ծրագիրը պատրաստ ենք քննարկել Սփիւռքի բոլոր կառոյցների հետ եւ ձեռնամուխ լինել համապատասխան սահմանադրական փոփոխութիւնների փաթեթի նախապատրաստմանը»: