Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փորձագէտները Հայաստանեան Տնտեսութեան Մէջ Որակական Աճ Չեն Տեսներ

Փորձագէտները Հայաստանեան Տնտեսութեան Մէջ Որակական Աճ Չեն Տեսներ

by MassisPost

Տնտեսագէտներու համոզմամբ, հակառակ խոստացուած բարեփոխումներուն, վարչապետ Կարէն Կարապետեանի պաշտօնավարման մէկ տարուան ընթացքին տնտեսութեան մէջ որակական աճ չէ արձանագրուած։

«Մենք պէտք է ունենանք զարգացած, մրցունակ ու արդար երկիր», – տարի մը առաջ վարչապետի պաշտօնն ստանձնելով յայտարարած էր Կարէն Կարապետեան։

Ըստ Կառավարութեան այսօր հրապարակած զեկոյցին, Կարապետեանի պաշտօնավարման ժամանակահատուածին, մասնաւորապէս, 2017թուականի առաջին կիսամեակին տնտեսութիւնն աճած է 6.1 տոկոսով, արտահանումն ու ներմուծումը՝ համապատասխանաբար 21 եւ 25, իսկ արդիւնաբերական արտադրանքը՝ աւելի քան 12 տոկոսով:

Տնտեսագէտներու համոզմամբ, սակայն, անցնող մէկ տարուան ընթացքին հայաստանցիներու կեանքին մէջ որակական աճ չէ արձանագրուած, ներկայացուող աճը տեսանելի է միայն թիւերով։

Տնտեսագէտ Արտակ Մանուկեան պնդած է, թէ ներկայացուող աճը տեսանելի է միայն թիւերով․ – «Յամենայն դէպս, որ որեւէ ոլորտում գրանցուել են տեսանելիօրէն յաջողութիւններ, մենք չենք կարող խօսել: Դրա համար էլ մենք ունենք ընդամէնը քանակական աճ, այլ ոչ թէ որակական աճ»:

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հանրապետականի քարոզարշաւը գլխաւորող Կարէն Կարապետեան 2017-ի համար կանխատեսած էր 830 միլիոն տոլարի ներդրում։ Ըստ Կառավարութեան այսօրուայ զեկոյցին, այս տարուայ առաջին 8 ամիսներուն Հայաստանի մէջ իրականացուած է 375 միլիոն տոլարի ներդրում։ նշենք նաեւ, որ ներկայացուած գումարին մէջ կառավարութիւնը որպէս ներդրում հաշուարկած է նաեւ պետական ու համայնքային պիւտճէէն կատարուած ծախսերու մէկ մասը։

Տնտեսութեան լաւագոյն ցուցիչները, ըստ տնտեսագէտին, արտագաղթն ու գործազրկութիւնն են, որոնք կը շարունակեն անկում գրանցել․ – «Որակական աճի պարագայում դժուար է գտնել մի երկիր, որտեղ որ աւելի քան 6 տոկոս տնտեսական աճ է լինում, եւ այդ երկրից արտագաղթողների թուաքանակը աւելանում է 10 տոկոսով՝ նախորդ ժամանակաշրջանի հետ համեմատած: Սա ցուցանիշ է, որը վկայում է, որ այդ տնտեսական աճը մեծ հաշուով լայն հասարակութեան համար տեսանելի եւ զգալի չէ»:

Պաշտօնավարման սկիզբը Կարէն Կարապետեան աչքի կ’իյնար սուր քննադատութեամբ, բազմաթիւ յանձարարականներով ու երբեմն նաեւ շատերու համար անսպասելի յայտարարութիւններով։

Անոնցմէ մէկը, օրինակ, Ազգային ժողովէն ներս իր պաշտօնավարման երկրորդ օրն էր․ – «Ռեալ մեր տնտեսութեան վիճակը․․․ բաց, ազնիւ ասում եմ՝ շատ ծանր է, չափազանց ծանր է»:

Ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու համար նորանշանակ վարչապետը, որ իշխանութեան շրջանին մէջ առաւել յաճախ կը բնութագրուէր որպէս լաւ կառավարիչ, յայտարարեց առաջնահերթութիւններու մասին՝ տնտեսական աճ, առեւտուրի միջավայրի եւ ներդրումներու աշխուժացում։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment