Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Խաղաղութեան Ուղիներ. Կրօններն ու Մշակոյթները Երկխօսութեան Մէջ» Միջազգային Համաժողով Գերմանիոյ Մէջ

«Խաղաղութեան Ուղիներ. Կրօններն ու Մշակոյթները Երկխօսութեան Մէջ» Միջազգային Համաժողով Գերմանիոյ Մէջ

by MassisPost

10-12 Սեպտեմբերին, Գերմանիոյ Միւնսթըր եւ Օսնապրիւք քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցաւ «Խաղաղութեան ուղիներ. Կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» միջազգային համաժողովը, կազմակերպուած Սանտ Էճիտիօ միջազգային խաղաղարար կազմակերպութեան կողմէ:

Համաժողովին մասնակցած էին տարբեր կրօններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հարիւրաւոր ներկայացուցիչներ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ համաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան:

Համաժողովի հանդիսաւոր բացման արարողութեան ընթացքին Միւնսթըրի եպիսկոպոս Գերաշնորհ Ֆելիքս Կեննի եւ Միւնսթըրի քաղաքապետ Մարքուս Լեւէի ողջոյնի խօսքերէն ետք ընթերցուած է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիսկոս Պապի ուղերձը, ապա խօսքը տրուած է հիմնական բանախօսներուն` Սանտ Էճիտիոյի հիմնադիր Անտրէա Ռիքարտիին, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլին, Նիճերիոյ Հանրապետութեան նախագահ Մահամատու Իսուֆուին, Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահ Անթոնիօ Թայանիին եւ Ալ Ազհարի (Եգիպտոս) գերագոյն իմամ Ահմատ Մուհամատ Ալ Թայէպին:

Համաժողովի առաջին օրը բանախօսութիւններով հանդէս եկած են Քոլոմպիոյ համալսարանի Երկրաբանական հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Ճեֆրի Սաչս` ԱՄՆ-էն, Սանտ Էճիտիօ համայնքի անդամ Ալպա Ռուիս տէ Անտրէս` Սպանիայէն, Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Յոյն Ուղղափառ Պատրիարք Յովհաննէս Ժ., Ֆրանկֆորտի ռապպի Աչիւայի Աբէլ եւ Ռիսշօ Քոսէի Քաի Պուտտիզմի նախագահ Քոշօ Նիւանօ` Ճափոնէն:

Համաժողովի երկրորդ օրը «Քրիստոնէական նահատակութիւն. անցեալը եւ ներկան» թեմային շուրջ բանախօսութեամբ հանդէս եկած է Յովակիմ եպիսկոպոս: Տեղի ունեցած են նաեւ շարք մը քննարկումներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերած են տարբեր կրօններու եւ կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներ:

Համաժողովն աւարտած է 12 Սեպտեմբերին, խաղաղութեան թափորով եւ խաղաղութեան հաստատման կոչով:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment