Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւ Ներում Շնորհած է Ալեքսանտր Լափշինին

Ալիեւ Ներում Շնորհած է Ալեքսանտր Լափշինին

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ  ներում շնորհեց Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինին, որ երեք տարուայ ազատազրկման դատապարտուած էր տարիներ առաջ առանց Պաքուի արտօնութեան Ղարաբաղ այցելելուն համար: Ալիեւի հրամանագիրը ուժի մէջ մտած է հրապարակման պահէն, եւ, Լափշինի փաստաբանին խօսքով, իր պաշտպանեալը կրնայ ատրպէյճանական բանտէն դուրս գալ արդէն այսօր կամ ամենաուշը՝ վաղը:

Մեկնաբանելով շատերու համար անակնկալ այս որոշումը, Ատրպէյճանի նախագահի հասարակական-քաղաքական հարցերով օգնական Ալի Հասանով այսօր յայտարարած է, թէ պաշտօնական Պաքու շատոնց պատրաստ էր պլոկըրը արտայանձնել Իսրայէլին, սակայն, գործընթացը ձգձգուած է այդ երկրի իշխանութիւններուն մեղքով: «Որպէս արդիւնք երէկ տհաճ դէպք արձանագրուեցաւ, Լափշին կալանավայրին մէջ անձնասպանութեան փորձ կատարած է, որ սակայն կանխուած է բանտապահներու զգօնութեան շնորհիւ: Լափշինին շտապ օգնութիւն ցուցաբերուած է, այժմ ան բժիշկներու հսկողութեան տակ է»,- յայտարարած է Հասանով:

Լափշինի փաստաբան Էտուարտ Չերնին, մինչդեռ, ռուսական «Interfax»ին յայտնած է, թէ որեւէ բանէ տեղեակ չէ իր պաշտպանեալին անձնասպանութեան փորձին մասին: Այս պահուն յստակ է միայն այն, որ պլոկըրը պիտի յանձնուի Իսրայէլի իշխանութիւններուն: «Այժմ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու Պաքուի մէջ Իսրայէլի դեսպանատունը կ’աշխատին Լափշինի արտայանձման ուղղութեամբ»,- ժամեր առաջ յայտարարած է նախագահ Ալիեւի օգնական Ալի Հասանով:

Ուշագրաւ է, որ Լափշինն ազատ արձակելու որոշումը Պաքու կայացուց Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի Իսրայէլ կատարելիք այցի նախաշեմին, ուր, ըստ պաշտօնական հաղորդումներու, նախատեսուած են հանդիպումներ այդ երկրի Պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի, ինչպէս նաեւ ռազմարադիւնաբերական ոլորտի ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:

Նշենք, որ Ալիեւ այսօր գթասրտութեան եւս մէկ ցուցադրական գործողութիւն իրականացուցած է, հրահանգելով քննել «Թուրան» լրատուական գործակալութեան ղեկավար Մեհման Ալիեւի խափանման միջոցը: Երկրի ղեկավարի այս հրահանգէն ժամեր անց դատարանը որոշած է քննչական մեկուսարանէն ազատ արձակել եւ տնային կալանք սահմանել ընդդիմադիր լրագրողին նկատմամբ, որ մեղադրուած է հարկերէ խուսափելու մէջ: Դատարանը, ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, որեւէ կերպով չէ հիմնաւորած այդ որոշումը:

Փորձագէտներն ու իրաւապաշտպանները, մինչդեռ, կը պնդեն, որ այս քայլերով Ալիեւ կը փորձէ շեղել հասարակութեան ու միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնն անցեալ շաբաթ հրապարակուած աղմկայարոյց հետաքննութենէն, որ նոր փաստեր բացայայտած էր Ատրպէյճանի իշխող վարչակազմի բազմամիլիոննոց կաշառակերութեան գործարքներուն մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment