Home ՍՓԻՒՌՔ Պոլսոյ Նահանգապետարանը Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութիւններուն Միջամտելու Հերթական Փորձը կը Կատարէ

Պոլսոյ Նահանգապետարանը Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութիւններուն Միջամտելու Հերթական Փորձը կը Կատարէ

by MassisPost

Պոլսոյ նահանգապետարանը դժգոհութիւն արտայայտած է պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպչական գործընթացին մէջ ընդգրկուած խումբի անդամներէն, փորձելով կրկին միջամտել ընտրական գործընթացին, կը հաղորդէ «Ակօս»:

Նահանգապետարանէն նշած են, որ խումբի անդամներուն մասնակցութեամբ ընտրութիւն չի կրնար կազմակերպուիլ, հետեւաբար նախաձեռնող խումբը նոր ժողով պիտի գումարէ, նահանգապետարանին հետ ընդհանուր յայտարարի գալու համար:

Նշենք, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցերով զբաղող յատուկ խումբը պատրիարքի տեղապահ Գարեգին Պէքճեանի գլխաւորութեամբ անցեալ ամիս Պոլսոյ նահանգապետարանին դիմում մը յանձնած է, ընտրութիւնները 13 Դեկտեմբերին կատարելու առաջարկով: Պատասխանը Հոկտեմբերի 6-ին կը սպասուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment