Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Վերամուտ…

Վերամուտ…

by MassisPost

ՐԱՖՖԻ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ
ՍԱՐՖ-ի Ատենապետ

Սեպտեմբեր ամիս… վերամո՛ւտ:

2017-2018 դպրոցական տարեշրջանի նոր սկիզբ: Ծնողներ, աշակերտներ եռուզեռի մէջ, դասագիրքերու փնտռտուք, համազգեստի ընտրութիւն, նոր ձեւի ու գոյնի պայուսակներ, եւ՝ իւր սարօքն: Իւրաքանչիւր աշակերտ կը պատրաստուի սկսելու նոր տարեշրջանի մը, ուսումնական նոր ծրագիրի: Շատերու համար առաջին տարին է, մանկապարտէզ, ուրիշներու համար՝ վերջին տարին, աւարտական, իսկ ուրիշներ տակաւին երկար ճանապարհ ունին կտրելիք: Այլ խօսքով, ամէն տարուան նման, այս տարի ալ նո՛յնն է: Բայց արդեօք նո՞յնն է պարագան Սուրիոյ հայութեան երեխաներուն, որոնք վերջին 6 տարիներուն ընթացքին չունեցան բնականոն վերամուտ, թէկուզ եթէ առիթը ունէին եւ ունեցան յաճախելու դպրոց, բայց ահ ու դողի մէջ, մահն ու սարսափը իրենց ամէնօրեայ ճանապարհորդակիցը:

Բայց տեսէ՛ք, ճիշդ է ըսուածը՝ «Յոյսը ամօթով չի ձգեր»: Յոյսով ու հաւատքով, ծնողներ իրենց երեխաները ղրկեցին դպրոց, հաւատալով, որ այս ձախորդ օրերը՝ «ձմրան նման են, կու գան ու կ՛երթան, վհատելու չէ, վերջ կ՛ունենան, կու գան ու կ՛երթան»: Նոյն այս յոյսի տեսիլքով, Սուրիոյ հայը կը շարունակէ նոր սկիզբ կերտել, վերականգնելու եւ վերանորոգելու համար քարն ու հոգին, որոնք անցնող պատերազմական տարիներուն այս կամ այն ձեւով վնասուած էին:

Ահա՛ նոյն այս յոյսով ու հաւատքով, անցնող 6 տարիներուն ընթացքին, ՍԱՐՖը եւս մօտէն հետեւեցաւ Սուրիոյ ու մանաւանդ հալէպահայութեան տագնապին, ո՛չ թէ դիտողի դերին մէջ ըլլալու, այլ, ի գին ամէն զոհողութեան՝ նիւթաբարոյական աջակցութիւն բերելու, որպէսզի հայ մանուկը, երեխան ու պատանին ունենան առիթը յաճախելու դպրոց, սորվելու Մեսրոպեան այբուբենը, տեղեակ ըլլալու հայոց պատմութեան այն էջերուն, որոնք կը պատմեն հայու խիզախ կեանքի փորձառութիւնը, թէ՝ ո՛չ մահը, ո՛չ ալ սուրը կրնան մեզի արգելք ըլլալ շարունակելու աստուածապարգեւ այս կեանքը:

Այո՛, լրատուական միջոցները օրէ օր նոր յոյս կը ներշնչեն՝ ըսելով, որ քաղաքական կացութիւնը աւելի կայուն ու ապահով կը դառնայ շրջանէն ներս: Սա կը նշանակէ, թէ այս տարի, երեխաները կրնան յաճախել դպրոց՝ առա՛նց ահ ու դողի, վախ ու սարսափի: Այս տարի, կարծէք, արցունքի փոխարէն՝ ժպիտով եւ ուրախութեամբ պիտի դիմաւորեն նոր տարեշրջանը: Վստահաբա՛ր, կարօտի զգացումներով լեցուն են անոնք, որովհետեւ պիտի տեսնեն իրենց դասընկեր-դասընկերուհիները: Բայց, ո՞վ գիտէ, մի գուցէ արդէն շատեր հեռացած են Հալէպէն՝ հաստատուելով Լիբանան, Հայաստան կամ այլ հեռաւոր ափեր՝ Գանատա, Աւստրալիա եւ այլուր։

Ինչպիսի՛ն ալ ըլլան պարագաները, ՍԱՐՖը կը շարունակէ ու պիտի՛ շարունակէ օժանդակել՝ օգնութիւն ստացած 3000է աւելի աշակերտներուն թիւը բարձրացնելու համար, որպէսզի հայ աշակերտը մի՛շտ յաճախէ դպրոց, ստանայ բարձրագոյն ուսում, նուաճէ բարձունքներ, դառնալով վաղուան մարդը՝ պատրաստ ամէն տեսակի դժուարութիւններ յաղթահարելու։

ՍԱՐՖի այս աշխատանքը առանձին աշխատանք մը չէ, այլ զայն կը պարտինք մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան՝ իրենց գրպանները լայն բացին, որպէսզի օժանդակեն Սուրիոյ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, մանաւա՛նդ մեր երեխաներուն, որոնք գալիք սերունդն են:

Սեպտեմբեր ամիս… վերամո՛ւտ:

Շարունակե՛նք մեր երթը…

Յ.Գ.- Ձեր սիրայօժար նուէրները կրնաք ուղարկել SARF P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209 հասցէին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment