Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուաշինկթընի Մէջ Խաղաղ Ցուցարարներու Վրայ Յարձակում Գործած Էրտողանի Կողմնակիցները Դատարանի Առջեւ Կանգնած են

Ուաշինկթընի Մէջ Խաղաղ Ցուցարարներու Վրայ Յարձակում Գործած Էրտողանի Կողմնակիցները Դատարանի Առջեւ Կանգնած են

by MassisPost

ԱՄՆ-ի մօտ Թուրքիոյ դեսպանի կեցավայրին դիմաց խաղաղ ցուցարարներու դէմ յարձակում իրականացնելու դէպքին առթիւ ձերբակալուած երկու թուրքի գործով Ուաշինկթընի մէջ 7 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է առաջին դատական նիստը: Ձերբակալուած ամերիկաբնակ թուրքերը՝ 45-ամեայ Սինան Նարին եւ 50-ամեայ Էյուփ Եըլտըրըմ յայտարարած են, որ չեն ընդունիր իրենց դէմ ներկայացուած մեղադրանքները: Այս մասին կը յայտնէ «Washington Times»:

Թուրքերը դատարան բերուած են ձեռքերն ու ոտքերը շղթայուած: Էրտողանի կողմնակիցները հրաժարած են արագ դատավարութեան իրենց իրաւունքէն, թոյլ տալով պաշտպանուող կողմի իրաւապաշտպաններուն մինչեւ յաջորդ դատական նիստը՝ 10 Հոկտեմբերը ուսումնասիրել ներկայացուած մեղադրանքները:

Եըլտըրըմ եւ Նարին կը մեղադրուին ատելութեան շարժառիթներով յարձակում գործելու մէջ, բան մը, որ անոնց պատիժը կրնայ 1.5 անգամով աւելցնել: Երկու տղամարդոց դէմ ներկայացուած են նաեւ կանխամտածուած բռնութեան յանցագործութիւն իրականացնելու մեղադրանքներ՝ քրէօրէն պատժելի յանցանք, որ կը նախատեսէ մինչեւ 15 տարուայ ազատազրկում:

Դատական լսումներուն մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ դեսպանութեան ներկայացուցիչը, որ, սակայն, հրաժարած է մեկնաբանութիւն տալ:

Եըլտըրըմ ու Նարին Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ են: Անոնք երկուքն են այն 19 անձերէն, որոնց դէմ Ուաշինկթընի դատախազութիւնը մեղադրանք առաջադրած է Էրտողանի այցի ժամանակ խաղաղ ցուցարարներու վրայ յարձակում իրականացնելու գործով: 19 անձերէն 15-ը Էրտողանի թիկնազօրի անդամներն են: Ուաշինկթընի ոստիկանութիւնը պարզած է անոնցմէ 12-ին ինքնութիւնը: Ազատութեան մէջ գտնուող 17 մեղադրեալները ներկայիս Թուրքիա եւ Գանատա են:

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Նիւ Եորք՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովի նստաշրջանի բացման: Տակաւին յայտնի չէ, թէ արդեօք Ուաշինկթընի մէջ ծեծկռտուքին մասնակցած անոր թիկնազօրի անդամները պիտի ուղեկցի՞ն իրեն, թէ ոչ:

Ուաշինկթընի ոստիկանապետ Փիթըր Նիւշէմ 15 Յունիսին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած էր, որ եթէ թիկնազօրի այդ անդամները վերադառնան ԱՄՆ, անոնք դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն պիտի չունենան եւ ժամանելուն պէս պիտի ձերբակալուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment