Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոխորհրդարանը Պիտի Ուսումնասիրէ Ատրպէյճանի Նախագահական Ընտանիքի Մասնակցութեամբ Կաշառակերութեան Խայտառակութիւնը

Եւրոխորհրդարանը Պիտի Ուսումնասիրէ Ատրպէյճանի Նախագահական Ընտանիքի Մասնակցութեամբ Կաշառակերութեան Խայտառակութիւնը

by MassisPost

Եւրոխորհրդարանը մօտ ապագային պիտի պատրաստէ «Կաշառակերութիւնն ու մարդու իրաւունքները երրորդ երկիրներու մէջ» փաստաթուղթը, ուր անդրադարձ պիտի կատարուի Ատրպէյճանի նախագահական ընտանիքի մասնակցութեամբ եւ վերջին օրերուն մեծ հնչեղութիւն ստացած «Ատրպէյճանական լուացքատուն» կաշառակերութեան խայտառակութեան:

Այս մասին կը յայտնէ ատրպէյճանական «azadliq.info» լրատուական գործակալութիւնը:

«Կաշառակերութիւնն ու մարդու իրաւունքները երրորդ երկիրներու մէջ» փաստաթուղթը կը ներկայացնէ կաշառակերութեան դէմ պայքարին եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Եւրոմիութեան ընելիքները:

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ կաշառակերութիւնը չափազանց մեծ վտանգ կը ներկայացնէ մարդու իրաւունքներուն համար, եւ որ այս տեսանկիւնէ կաշառակերութեան դէմ պայքարը չափազանց մեծ նշանակութիւն ունի: Փաստաթուղթին մէջ միեւնոյն ժամանակ ներկայացուած են կաշառակերութեան դէմ պայքարի մեթոտներ:

Եւրոխորհրդարանի տարածած յայտարարութեան համաձայն, Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ 3 միլիառ տոլարնոց կաշառակերութեան խայտառակութիւնը պայթելէն ետք 96 եւրոպատգամաւորներ առաջարկած են փոփոխութիւններ կատարել այս փաստաթուղթին մէջ:

«Ատրպէյճանական լուացքատուն» անուանումն ստացած կաշառակերութեան խայտառակութեան ուսումնասիրութեամբ պարզուած հանգամանքներու արդիւնքով Եւրոխորհրդարանը խստօրէն կը քննադատէ եւրոպական որոշումներ կայացնողներուն վրայ ազդեցութիւն ունենալու Ատրպէյճանի քայլերը: Նախատեսուած է իրականացնել համակողմանի ուսումնասիրութիւն եւրոպական գործիչներու վրայ հնարաւոր ազդեցութիւններն ուսումնասիրելու ուղղութեամբ: Եւրոխորհրդարանը եւրոպական կառավարութեանը կոչ ուղղած է ձեռնարկել խստագոյն քայլեր, կանխելու համար կաշառակերութեան երեւոյթները»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment