Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեան Պարգեւատրած Է Մահացու Վրաերթի Մէջ Մեղադրուած Հրազդանի Քաղաքապետի Որդին

Սերժ Սարգսեան Պարգեւատրած Է Մահացու Վրաերթի Մէջ Մեղադրուած Հրազդանի Քաղաքապետի Որդին

by MassisPost

Կրթութեան նախարարի պնդմամբ, նախագահ Սերժ Սարգսեան տեղեակ չէ եղած, որ իր կողմէ օրերս պարգեւատրուած աշակերտներէն է Հրազդանի հանրապետական քաղաքապետ Արամ Դանիէլեանի որդին՝ Ռազմիկ Դանիէլեանը, որուն դէմ մեղադրանք ներկայացուած է 58-ամեայ տղամարդը մահացու վրաերթի ենթարկելու մէջ:

«Ընդհանուր ցանկով մենք ենք ներկայացրել պարգեւատրուող աշակերտներին», – այսօր Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան: – «Ցանկ ենք ներկայացնում: Նախագահը ինչո՞ւ պիտի իմանայ, կամ չիմանայ, չէ՞ որ առաջադիմութեան համար մետալ է տրուում»:

29 Օգոստոսին Սերժ Սարգսեան ոսկէ մետալներ ու գովասանագիրեր  յանձնած էր բարձր յառաջդիմութիւն ցուցաբերած խումբ կը աշակերտներու, այդ թուին՝ Հրազդանի քաղաքապետի որդիին: Ներկայ էր նաեւ նախարար Մկրտչեան:

16-ամեայ Ռազմիկ Դանիէլեանի անունը լրատուամիջոցներու կողմէ հրապարակուեցաւ երեք ամիս առաջ, երբ Քննչական կոմիտէի համաձայն, Հրազդան բնակող պատանին, 8 Յունիսին վարելով Հրազդանի քաղաքապետարանին պատկանող «Նիսան» մակնիշի ինքնաշարժը, խախտած էր ճանապարհային երթեւեկութեան կանոնները եւ վրաերթի ենթարկած ճամբան հատող Վալերի Թորոսեանը: Վերջինս մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած էր «Հրազդան» բժշկական կեդրոն, ուր, գիտակցութեան չգալով, մահացած էր: Դանիէլեանի դէմ մեղադրանք ներկայացուած էր, սակայն ան ստորագրութեամբ ազատ արձակուած էր:

Իշխող Հանրապետական կուսակցութեան շուրջ 20 տարիէ ի վեր անդամակցող եւ Հրազդանը մօտ 15 տարի շարունակաբար ղեկավարող Արամ Դանիէլեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած էր, որ վրաերթ կատարողը իր որդին է:

Քննչական կոմիտէի նախագահի խորհրդական Սոնա Տռուզեանի խօսքերէն այսօր պարզ դարձաւ, որ դէպքէն երեք ամիս անց իրաւապահ մարմինը դեռ չէ կրցած ստանալ փորձաքննութեան վերջնական եզրակացութիւնը:

«Մենք պէտք է եզրակացութիւն ստանանք, որ կարողանանք վերջնական գնահատական տալ: Որեւէ անձի մեղաւորութեան գնահատականը պէտք է տրուի փորձաքննութեան եզրակացութեան հիման վրայ», – ըսած է Տռուզեան:

Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին ուղղուած հարցին, թէ արդեօք Հրազդանի քաղաքապետի որդին Հանրապետութեան նախագահի մակարդակով պարգեւատրելը իւրայատուկ ուղերձ չէ՞ հանրութեան, իրաւապահ մարմնին, որ իշխանութիւնները հանրապետական քաղաքապետին ու անոր որդիին ետն կանգնած են: Լեւոն Մկրտչեան արձագանգած է. «չեմ կարծում»:

«Անկախ նրանից՝ պաշտօնեայի երեխայ է, պաշտօնեայի երեխայ չի, դժբախտ դէպք եղել է, եւ այլն՝ ինքը ստանում է ոսկէ մետալը իր աշխատանքի հիման վրայ: Ես հետաքրքրուել եմ, իսկապէս լաւ սովորող երիտասարդ է, դպրոցից կարող էք հետաքրքրուել», – աւելցուցած է նախարարը: – «Եթէ եղել է դժբախտ դէպքը, ի՞նչ հիմքով իր ուսման, գիտելիքի համար նախատեսուած պարգեւը իրեն պիտի չտրուի: Որեւէ պաշտօնեայի երեխայ իրաւունք չունի՞ մետալակիր լինելու»:

Իրաւապաշտպան Ժաննա Ալեքսանեանի խօսքով, մինչդեռ, պարգեւատրելով Հրազդանի քաղաքապետի որդին, նախագահ Սարգսեան ուղերձ յղած է իրաւապահ մարմիններուն, որ անպատիժ ձգեն պատանին:

«Մենք շատ դէպքեր գիտենք, երբ հանրապետականների յանցագործութիւններից յետոյ նախագահը՝ Սերժ Սարգսեանը, նրանց պատուել է մետալներով: Օրինակ՝ «Հարսնաքար»ի դէպքից յետոյ Ռուբէն Հայրապետեանին երախտագիտութեան մետալ շնորհուեց», – յիշել տուած է Ժաննա Ալեքսանեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment