Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կաշառակերութեան Նոր Խայտառակութիւն Իլհամ Ալիեւի եւ Անոր Մերձաւորներուն Շուրջ

Կաշառակերութեան Նոր Խայտառակութիւն Իլհամ Ալիեւի եւ Անոր Մերձաւորներուն Շուրջ

by MassisPost

«Ատրպէյճանական լուացքատուն», այսպէս բնութագրած են համաշխարհային շարք մը լրատուամիջոցներու հետաքննող լրագրողները միաւորող «Կաշառակերութեան կազմակերպուած յանցաւորութեան լուսաբանման նախագիծ»ին (OCCCRP) Երկուշաբթի օրը հրապարակուած զեկոյցին հեղինակները դրամի լուացման այն մեխանիզմը, որ գործած է 2012-2014 թուականներուն եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ:

Ծաւալուն այս հետաքննութեան մանրամասները Երկուշաբթի երեկոյեան հրապարակուեցան բրիտանական «The Guardian» թերթին մէջ: Այդ հրապարակման համաձայն, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքն ու անոր մօտ կանգնած պաշտօնեաներն ու գործարարներն ընդամէնը երկու տարուան մէջ եւրոպական դրամատուներէն մէկուն եւ Բրիտանիոյ մէջ յատուկ այդ նպատակով գրանցուած չորս ընկերութիւններու միջոցով շուրջ 3 միլիառ տոլար օրինականացուցած են:

Ատրպէյճանէն դուրս բերուած գումարներու լուացման մասին վկայող դրամատնային փաստաթուղթերն առաջինը կրցած են հայթայթել դանիական «Berlingske» թերթի լրագրողները:

Դանիական մամուլի հետաքրքրութիւնն այս պատմութեան հանդէպ պատահական չէ: Ատրպէյճանէն դուրս բերուած գումարները սկիզբը փոխանցուած են դանիական «Danske» դրամատան էսթոնական մասնաճիւղ, ուրկէ ալ յետագային վերաբաշխուած են Բրիտանիոյ մէջ գրանցուած ընկերութիւններու հաշուեհամարներուն:

«Այդ ընկերութիւններէն երկուքը կը գտնուէին Անգլիոյ, իսկ միւս երկուքը Շոթլանտայի տարածքին», – կը գրէ լոնտոնեան «The Guardian» թերթը:

Հետաքննող լրագրողներու փոխանցմամբ, այդ աստղաբաշխական գումարները յետագային օգտագործուած են շարք մը հիմնական ուղղութիւններով` թանկարժէք ունեցուածք ձեռք բերելու, բրիտանական սեփական դպրոցներուն մէջ վարձավճարներ մուծելու եւ, թերեւս ամենակարեւորը, եւրոպացի ազդեցիկ պաշտօնեաներն ու քաղաքական գործիչները, լրագրողներն ու գործարարները կաշառելու նպատակով:

Զեկոյցի հեղինակները մասնաւորաբար նշած են Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) իտալացի անդամ, այդ կառոյցին մէջ Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութեան նախկին ղեկավար Լուքա Ոլոնթէի անունը, որուն ջանքերուն շնորհիւ 2013-ին տապալեցաւ Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու առկայութեան մասին վկայող զեկոյցի ընդունումը:

Հետաքննող լրագրողներու պնդմամբ, դրամատնային փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ այդ ժամանակահատուածին Ոլոնթէ ատրպէյճանական իշխանութիւններէն շուրջ 2 միլիոն եւրօ ստացած է. – «Եւս 820 հազար եւրօ ստացած է Գերմանիոյ Պունտեսթակի նախկին պատգամաւոր Էտուարտ Լինթնըրի ղեկավարած հիմնադրամը: Ուշագրաւ է, որ Լինթնըր 61 հազար եւրօ ստացած է 2013 թուականի աշնան՝ Ատրպէյճանի մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւններէն երկու շաբաթ անց: Գերմանացի քաղաքական գործիչը դիտարկած էր այդ ընտրութիւններու ընթացքը, նշելով, որ «քուէարկութիւնը կը համապատասխանէր Գերմանիոյ մէջ ընդունուած չափանիշներուն»:

Ըստ հետաքննող լրագրողներուն, Ատրպէյճանի մէջ գործող սեփական ընկերութիւններէն մէկէն շուրջ 400 հազար եւրօ ստացած էր նաեւ պուլկարացի տնտեսագէտ Քալին Միթեւ, որ անցեալ տարի ընդգրկուած է Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան խորհուրդի կազմին մէջ:

Ուշագրաւ է, որ Միթեւի կինը «UNESCO»ի գլխաւոր քարտուղար Իրինա Պոքովան է, որ 2010 թուականին այս կառոյցի բարձրագոյն պարգեւը` Մոցարտի շքանշանը յանձնած էր Ատրպէյճանի առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւային:

Զեկոյցի հեղինակներուն պնդմամբ, դրամի լուացման այս մեխանիզմին մասնակցած է ռուսական արտադրութեան սպառազինութեան վաճառքի մենաշնորհային իրաւունք ունեցող «РосОборонЭкспорт» ընկերութիւնը:

«Danske» դրամատան գաղտնազերծուած փաստաթուղթերուն համաձայն, «РосОборонЭкспорт» 2012 թուականին 29 միլիոն ամերիկեան տոլար փոխանցած է դրամի լուացման այս մեխանիզմին մէջ ներգրաւուած ընկերութիւններէն մէկուն: Եւս 1 միլիոն 800 հազար տոլար փոխանցուած է Ատրպէյճանի առաջին փոխվարչապետ Եաղուպ Էյուպովի որդիին պատկանող օֆշորային ընկերութեան հաշուեհամարներուն:

«РосОборонЭкспорт» եւս մէկ փոխանցում կատարած է Մեհրիպան Ալիեւայի հօր` Արիֆ Փաշաեւին հետ առնչութիւններ ունեցող ընկերութեան: Այս բոլոր փոխանցումները կատարուած են այն ժամանակահատուածին, երբ Ատրպէյճան շուրջ 4 միլիառ տոլարի սպառազինութիւն ձեռք բերած էր նոյն «РосОборонЭкспорт» ընկերութիւններէն:

Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմն արդէն արձագանգած է հետաքննող լրագրողներու բացայայտումներուն: «Ո՛չ Ատրպէյճանի նախագահը, ո՛չ ալ անոր ընտանիքի անդամները որեւէ առնչութիւն չունին յօդուածին մէջ տեղ գտած մեղադրանքներուն: Մենք գիտենք, որ այս բոլորին ետին կանգնած է Ճորճ Սորոս, որ միջազգային հանրութեան շրջանին մէջ կեղծարարի, խաբեբայի եւ ստախօսի համբաւ ունի: Այն հանգամանքը, որ «The Guardian» թերթին մէջ հրապարակուած յօդուածին հեղինակներէն մէկը հայկական ծագում ունեցող լրագրող Տիանա Նահապետեանն է, կը վկայէ, որ այս կեղտոտ մեղադրանքները նաեւ համաշխարհային հայութեան ձեռքի գործն են», – նշուած է Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան այսօր տարածած յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment