Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Պաշտօնապէս Չէր Հաստատած իր Մասնակցութիւնը Վրաստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի Զօրավարժութիւններուն

Հայաստան Պաշտօնապէս Չէր Հաստատած իր Մասնակցութիւնը Վրաստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի Զօրավարժութիւններուն

by MassisPost

Հայաստանը պաշտօնապէս չէր հաստատած իր մասնակցութիւնը Վրաստանի մէջ` Սեպտեմբերի 3-էն մեկնարկած ՆԱԹՕ-ի զօրավարժութիւններուն, երէկ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Հայաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Արտակ Զաքարեանը՝ նշելով, որ այն ծրագրաւորուած էր, սակայն ծրագիրներուն մէջ վերանայումներ եղած են։

Յիշեցնենք՝ երէկ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ Հայաստանը վերջին պահուն հրաժարած է մասնակցիլ Վրաստանի մէջ` Սեպտեմբերի 3-էն մեկնարկած ՆԱԹՕ-ի զօրավարժութիւններուն:

«Հայաստանը պէտք է մասնակցէր զօրավարժութիւններուն սակայն, ցաւօք սրտի,  մեկնարկէն քանի մը օր առաջ անոնք հրաժարեցան այդ մտադրութենէն: Ի՞նչ է պատճառը, ինձ յայտնի չէ», – ըսած է Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Կիորկի Քաչարաւան:

Զօրավարժութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ 11սեպտեմբեր, որուն կը մասնակցին Միացեալ Նահանգներու ծովային հետեւակի ինչպէս նաեւ Վրաստանի, Ատրպէյճանի, Պուլկարիոյ, Ռումանիայի, Լաթուիայի եւ Ուքրանիոյ բանակային ստորաբաժանումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment