Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անկելա Մերքէլ. «Թուրքիան Պէտք Չէ ԵՄ Անդամ Դառնայ»․ Անկելա Մերքէլ

Անկելա Մերքէլ. «Թուրքիան Պէտք Չէ ԵՄ Անդամ Դառնայ»․ Անկելա Մերքէլ

by MassisPost

Թուրքիոյ հետ Եւրոմիութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները պէտք է դադարեցուին: Այդ մասին կիրակի երեկոյեան նախընտրական բանավէճի ժամանակ յայտարարած է Գերմանիոյ դաշնային վարչապետ Անկելա Մերքէլը: Ան նշած է, որ կը պատրաստուի Եւրոմիութեան անդամ միւս պետութիւններու ղեկավարներու հետ քննարկել Թուրքիոյ հետ անդամակցութեան բանակցութիւններու դադրեցման հնարաւորութիւնը:

«Ես երբեք ալ չեմ հաւատացած, որ Թուրքիան կրնայ դառնալ Եւրոմիութեան անդամ: Աւելին՝ յստակ է, որ Թուրքիան պէտք չէ ԵՄ անդամ դառնայ»,- ըսած է Մերքէլ: Գերմանիոյ խահրդարանի` Պունտեսթակի ընտրութիւններուն 20 օր մնացած է, քուէարկութիւնը պիտի կայանայ 24 սեպտեմբերին: Նախընտրական բանավէճին մասնակցած է նաեւ Մերքէլի հիմնական մրցակիցը համարուող՝ Սոցիալ-դեմոկրատներու առաջնորդ Մարթին Շուլցը:

Ան եւս խստօրէն քննադատած է Թուրքիոյ, մասնաւորապէս, նշելով. «Եթէ ես վարչապետ դառնամ, չեղեալ պիտի համարեմ Թուրքիոյ հետ գաղթի պայմանագիրը: Ես նոյնպէս կոչ պիտի ընեմ՝ դադրեցնել Եւրոմիութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւնները: Մենք հասած ենք այնտեղ, որ Գերմանիոյ քաղաքացիները չեն կրնար ապահով ճամբորդել Թուրքիա: Մենք պէտք է չեղարկենք նիւթական, տնտեսական կապերը, դադրեցնենք մաքսային միութեան եւ անդամակցութեան հարցերով բանակցութիւնները Թուրքիոյ հետ: Մենք չենք կրնար այդ մէկը առանձին ընել եւ պէտք է բանակցինք Եւրոմիութեան մեր գործընկերներուն հետ»:

Արձագանգելով այս յայտարարութիւններուն, Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Իպրահիմ Քալինն երէկ «Թուիթըրի» իր էջին գրած է. «Այն փաստը, որ Գերմանիան եւ Եւրոպան կը յարձակին Թուրքիոյ ու Էրտողանի վրայ, անտեսելով իրենց հիմնական ու հրատապ խնդիրները՝ կը վկայէ Եւրոպայի նեղացող հորիզոնի մասին»: «Յոյսով ենք՝ կը վերանայ այն խնդրայարոյց մթնոլորտը, որու արդիւնքով կը տուժեն թուրք-գերմանական յարաբերութիւնները», – նաեւ գրած է Էրտողանի խօսնակը:

Թրքական թեմայէն բացի, Գերմանիոյ վարչապետի թեկնածուները աւելի քան ժամուկէս տեւողութեամբ բանավէճին անդրադարձած են նաեւ Հիւսիսային Քորէայի միջուկային փորձարկումներու խնդրին, ԱՄՆ-ի նոր վարչակազմի հետ յարաբերութիւններուն, փախստականներու հետ կապուած հարցերուն: ARD TV-ի հեռուստադիտողներու կարծիքով՝ հեռուստաբանավէճին յաղթած է Մերքէլը: Հարցուածներու 55 տոկոսի կարծիքով, անոր խօսքը աւելի համոզիչ էր: Մարթին Շուլցին նախապատուութիւն տուած է հարցուածներու 35 տոկոսը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment