Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ս. Լաւրով. ԼՂ Հիմնախնդիրը Հնարաւոր Պիտի Ըլլար Կարգաւորել, եթէ ՆԱԹՕ-ն Գոյութիւն Չունենար

Ս. Լաւրով. ԼՂ Հիմնախնդիրը Հնարաւոր Պիտի Ըլլար Կարգաւորել, եթէ ՆԱԹՕ-ն Գոյութիւն Չունենար

by MassisPost

Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարգաւորուած պիտի ըլլար, եթէ Արեւմուտքը հաւատարիմ գտնուէր այն յայտարարութիւններուն, որոնք կատարուած են վերջին 20 տարուայ ընթացքին: Այդ մասին ան յայտարարած է, ելոյթ ունենալով Ռուսիոյ ԱԳՆ արտաքին յարաբերութիւններու հիմնարկի ուսանողներուն եւ դասախօսներուն առջեւ:

Նախարարը նշած է, որ Ռուսիա պատասխանատու կողմ է, եւ յստակ կերպով հաւատարիմ է այն յայտարարութիւններուն, որոնք ընդունուած են վերջին 20 տարուայ ընթացքին ԵԱՀԿ-ի եւ Ռուսիա-ՆԱԹՕ խորհուրդին կողմէ, կը գրէ ԹԱՍՍ:

«Այդ յայտարարութիւններուն մէջ արտացոլուած է Եւրոաթլանթեան եւ Եւրասիայի տարածաշրջանին հաւասար անվտանգութեան տարածք ձեւաւորելու կողմերու ցանկութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւաստիացումը, որ ոչ ոք պիտի ամրապնդէ սեփական անվտանգութիւնն այլոց անվտանգութեան հաշուին»,- ըսած է ան:

Միեւնոյն ժամանակ Լաւրով ափսոսանք յայտնած է, որ այդ հռչակագիրներն այդպէս ալ «թուղթի վրայ մնացին»:

«Անոնք իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող դարձնելու մեր բոլոր փորձերը մերժուեցան արեւմուտքի մեր գործընկերներուն կողմէ: Վստահ եմ, որ եթէ հաւասար անբաժան անվտանգութիւնն իրօք իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող ձեւ ստանար, հակամարտութիւններէն շատերը, որոնք կան Եւրոպայի մէջ, շատոնց կարգաւորուած պիտի ըլլար»,- ըսած է ան:

Ըստ ԱԳ նախարարին, այն կը վերաբերի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Մերձ-տնեսթրի հակամարտութիւններուն, իսկ «ուքրանական ճգնաժամ ընդհանրապէս չէր ըլլար», – ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment