Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ի՞նչ Է Հոկլանտի Փնտռածը

Ի՞նչ Է Հոկլանտի Փնտռածը

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի հարցի շուրջ համաձայնութեան եզրեր գտնելու առաքելութիւն ունեցող`  Մինսկի Խումբէն ներս  ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլանտ, իր պաշտօնավարման աւարտին կատարեց  զգայացունց յայտարարութիւն, ներկայացնելով հարցի լուծման այն կէտերը, որոնք ծանօթ են նաեւ, որպէս «մատրիտեան սկզբունքներ» անունով:

Թէեւ դեսպանի յայտարարած կէտերը գաղտնիք չէին եւ անոնց մասին տարբեր առիթներով հրապարակումներ եղած էին, սակայն այս առաջին անգամն  է որ, Մինսկի Խումբի մէկ անդամը կէտ առ կէտ կը ներկայացնէ մատրիտեան այն սկզբունքները, որոնց շուրջ, կարգ մը շրջանակներու պնդումով, Հայաստան  տուած է իր նախնական համաձայնութիւնը, սակայն Ատրպէյճան` ոչ:

Ամերիկացի դիւանագէտի յայտարարութիւնը  մտահոգութեան մեծ  ալիք  յառաջացուց Հայաստանի քաղաքական շրջանակներուն  մօտ: Ոմանք այս կէտերու հրապարակման մէջ տեսան Ամերիկայի պաշտօնական դիրքորոշում ի նպաստ Ատրպէյճանի: Ուրիշներու մեկնաբանութիւնը այն էր որ, Միացեալ Նահանգները կը փորձէ իր դիրքերը ամրապնդել կովկասեան  տարածաշրջանէն ներս` հաւասարակշռելու համար ռուսաստանի ազդեցութիւնը:

Մենք հակուած ենք  առաջին  տեսակէտին, նկատի առնելով, որ Ամերիկայի  ներկայ վարչակազմը դադրած է Ռուսաստանը նկատել իր ռազմավարական մրցակիցը: Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին յարաբերութիւններու պետական քարտուղարութիւնը ներկայիս կը գլխաւորէ  Ռիք Թիլլըրսոն, որ մինչեւ վերջերս  քարիւղի աշխարհի մեծագոյն  ընկերութիւնը նկատուող «Էքսոն-Մոպիլի»   ղեկավարն էր: Իսկ այդ ընկերութիւնը միլիառաւոր տոլարներու  հասնող ծրագիրներ ունի ե~ւ  Ատրպէյճանի ե~ւ Ռուսաստանի մէջ: Ասկէ անկախ, նախագահ Տոնալտ Թրամփի եւ ատրպէյճանցի օլիկարխներու միջեւ գոյութիւն  ունեցող կապերու մասին անդադար տեղեկութիւններ ի յայտ կու գան Ամերիկեան մամուլի էջերուն վրայ:

Ի~նչ որ ալ ըլլան այս յայտարարութեան դրդապատճառները, ներկայացուած  կէտերը անընդունելի են առաջին հերթին Արցախի ժողովուրդին կողմէ ու կը պարունակեն խիստ վտանգաւոր շեշտադրումներ: Կարելի չէ վստահիլ միջազգային ապագայ երաշխիքներուն: Լեռնային Ղարաբաղի  անկախ կարգավիճակի ճանաչումը նախապայման է եւ միակ երաշխիքը Արցախի եւ հայութեան համար:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment