Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հիուսթընի Հայերը Մեծապէս Տուժած են Քաղաքը Պատուհասած «Հարվի» Փոթորիկէն

Հիուսթընի Հայերը Մեծապէս Տուժած են Քաղաքը Պատուհասած «Հարվի» Փոթորիկէն

by MassisPost

ԱՄՆ-ի Թեքսաս նահանգի Հիուսթըն քաղաքը պատուհասած «Հարվի» փոթորիկէն մեծապէս տուժած են նաեւ տեղի շուրջ 3 հազար հայերը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրէս», խնդիրին վերաբերեալ «Ամերիկայի ձայն»ը խօսած է Հիուսթընի Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Արեգ Սահակեանի հետ:

Ան յայտնած է, որ իրենք արդէն երկու օր է, որ դուրս եկած են տունէն ու տեղափոխուած են ընկերոջ տուն: Ետ դառնալ հնարաւոր պիտի ըլլայ միայն այն պարագային, երբ անձրեւը կտրուի ու ջուրը ետ քաշուի:

Պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք տեղի հայկական առաքելական եկեղեցին օգնութիւն կը ցուցաբերէ՞ համայնքի անդամներուն, Սահակեան նշած է. « Եկեղեցին միշտ պատրաստ է օգնել հայ համայնքին եւ թիկունք կանգնիլ անոնց: Այս պահին մեր ծխական խորհուրդի անդամներուն մեծ մասի վիճակը անելանելի է: Վստահ չենք, թէ ինչպէս պիտի օգնենք մեր ժողովուրդին, սակայն գիտեմ, որ եկեղեցւոյ հովիւը՝ Տէր Մարտիրոս Յակոբեան կ’աշխատի հայ համայնքի անդամներուն հետ հեռախօսով կապ պահպանել: Կը փորձենք օգնել որքանով որ կրնանք, սակայն այս իրավիճակին մէջ շատ դժուար է այդ մէկը»:

Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետն ընդգծած է, որ տեղական իշխանութիւնները պատշաճ օգնութիւն կը ցուցաբերեն մարդոց: «Անոնք նաւերով կ’օգնեն ժողովուրդին: Շատերը փակուած մնացած են իրենց տուներուն մէջ եւ ջուրի պատճառով չեն կրնար դուրս գալ: Այդ առումով իշխանութիւնները օգնութիւն կը տրամադրեն եւ զանոնք դուրս կը բերեն նոյնիսկ ուղղաթիռներով»,- յայտնած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment