Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ իսրայէլական «Aeronautics» ընկերութիւնը ժամանակաւոր կերպով սառեցուցած է «կարեւոր յաճախորդին» 20 միլիոն տոլարի «Orbitier K1» անօդաչու սարքերու խմբաքանակի մատակարարումը:
Կը յայտնուի որ, մատակարարումը պէտք է կատարուէր 2017-2018 թուականներուն: 2016-ին այդ երկրի գնումները կազմած են ընկերութեան եկամուտներու 20%-ը, իսկ 2015 թուականինª 18%-ը:
Ընկերութիւնը չէ նշած յաճախորդին անունը սակայն, «Aeronautics»-ի յաճախորդի նկարագրութիւնը կը համապատասխանէ միայն Ատրպէյճանին:
Մի քանի շաբաթ առաջ իսրայէլեան մամուլը գրած էր որ, «Aeronautics Defense Systems» ընկերութեան մասնագէտները մերժած էին ցուցադրել Ատրպէյճանին մատակարարուող նոր անօդաչու սարքերու հնարաւորութիւններըª հարուածելով հայկական թիրախները: Ստիպուած` ընկերութեան ղեկավարները իրենք անձամբ կատարած են այդ: