Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանի Թիկնազօրի 19 Անդամներու Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուած

Էրտողանի Թիկնազօրի 19 Անդամներու Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուած

by MassisPost

Ուաշինկթընի դատարանը մեղադրանք առաջադրած է Մայիսին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի ԱՄՆ կատարած այցի ժամանակ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ ցուցարարներուն վրայ յարձակած 19 անձի, այդ թուին՝ Էրտողանի անվտանգութեան ծառայութեան 15 աշխատակիցի նկատմամբ:
Մեղադրանքն առաջադրուած է ատելութեան հողի վրայ յարձակում իրականացնելու համար: Անոնց մինչեւ 15 տարուայ ազատազրկում կը սպառնայ:

Ուաշինկթընի դատախազը յայտարարած է, որ 19 հոգիէն 16-ին արդէն իսկ մեղադրանք ներկայացուած էր Յունիսին, 29 Օգոստոսին մեղադրեալներուն թիւը աւելցած է եւս երեքով: Յայտնի են անոնց անունները՝ Մուհսին Քէոսէ, Եուսուֆ Այար, Հարէթին Էրէն: Երեքն ալ, ըստ դատախազին, Թուրքիոյ նախագահի անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներ են:

16 Մայիսին Էրտողանի Ուաշինկթըն այցի ժամանակ անոր համակիրները եւ թիկնազօրի անդամները յարձակած էին Թուրքիոյ նախագահի այցին դէմ բողոքող խաղաղ ցուցարարներու՝ հայերու, քիւրտերու, յոյներու վրայ, եւ դաժան ծեծի ենթարկած զանոնք: Դէպքին ժամանակ բռնութեան զոհ դարձած էր 11 անձ, այդ թուին` մէկ ոստիկան: Ինք՝ Էրտողան իրադարձութիւններուն հետեւած էր դեսպանատան մերձակայքը կայանած ծառայողական ինքնաշարժէն:

Յունիսի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատը բանաձեւ  ընդունած էր, որով պահանջած էր պատասխանատուութեան ենթարկել 16 Մայիսի արիւնալի դէպքի մեղաւորները:

Այս պահու դրութեամբ ձերբակալուած են մեղադրեալներէն միայն երկուքը՝ Սինան Նարինի եւ Էյուփ Եըլտըրըմի: Անոնց դէմ յարուցուած քրէական գործով առաջին լսումները տեղի պիտի ունենան 7 Սեպտեմբերին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment