Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Պատրաստ է Միանալ Սուրիոյ մէջ Մոսկուայի Նախաձեռնած Դաշինքին․ ՌԴ Գլխաւոր Շտաբ

Հայաստան Պատրաստ է Միանալ Սուրիոյ մէջ Մոսկուայի Նախաձեռնած Դաշինքին․ ՌԴ Գլխաւոր Շտաբ

by MassisPost

Ռուսիոյ Գլխաւոր շտաբի Անօդաչու թռչող սարքերու կիրառման համակարգի զարգացման վարչութեան պետ, գեներալ-մայոր Ալեքսանտր Նովիքով յայտարարած է, որ Հայաստան ու Սերպիա պատրաստակամութիւն յայտնած են իրենց զօրամիաւորումներով մասնակցիլ Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ ստեղծուող միջազգային դաշինքին, որուն նպատակը պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ ականազերծման աշխատանքներ իրականացնել:

«Իրանի, Եգիպտոսի, Սերպիոյ, Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պաշտպանական գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներուն համապատասխան հրաւէրներ ուղարկուած էին: Հայաստան եւ Սերպիա պատրաստ են ուղարկել իրենց զօրամիաւորումները: Չինացի սակրաւորներու մասնակցութեան հարցը կը քննարկուի», – ռուսական պետական «Sputnik» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, 25 Օգոստոսին յայտնած է Նովիքով, Մոսկուայի մէջ կայացած «Армия-2017» միջազգային ֆորիւմի ժամանակ:

Այս տարուայ Ապրիլին կայացած ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին Ռուսիոյ դեսպանի փոխանորդ Վլատիմիր Սաֆրոնքով հանդէս եկած էր Սուրիոյ մէջ ականազերծման աշխատանքներուն համար միջազգային դաշինք ստեղծելու առաջարկով:

«Ազատութիւն»ը հարցումներ ուղարկած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմ ու Պաշտպանութեան նախարարութիւն, խնդրելով մանրամասներ ներկայացնել: Պաշտպանութեան նախարարութենէն ժամանակ խնդրած են պատասխանելու համար, նշելով, թէ «լրացուցիչ ուսումնասիրութեան անհրաժեշտութիւն կայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment