Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Հայաստանի Վերաբերեալ Յստակ Քաղաքականութիւն մը Չունի, Բան մը, որ Վատ Չէ. «Chatham House»ի Վերլուծաբան

ԱՄՆ Հայաստանի Վերաբերեալ Յստակ Քաղաքականութիւն մը Չունի, Բան մը, որ Վատ Չէ. «Chatham House»ի Վերլուծաբան

by MassisPost

ԱՄՆ անցեալին պէս Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ յստակ քաղաքականութիւն չունի, եւ Թրամբ նախագահի պաշտօնին գտնուելով հազիւ թէ այս մէկը կրնայ փոխել: Այս մասին նշուած է «Chatham House» բրիտանական վերլուծական կեդրոնի կրտսեր աշխատակից Անահիտ Շիրինեանի յօդուածին մէջ:

Վերլուծաբանին կարծիքով, Երեւանի, Թիֆլիսի եւ Պաքուի հետ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները, աւելի շուտ, պիտի մնան ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի յարաբերութիւններու աւելի լայն տինամիքային, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններու ազդեցութեան ներքոյ: «Այս համատեքստում որոշ փոթենցիալ ստորգետնեայ քարեր կարող են ազդել Հայաստանի շուրջ ընդհանուր աշխարհաքաղաքական միջավայրի վրայ՝ երկրի արտաքին քաղաքականութեան համար հետեւանքներ ունենալով»,- կարծիք յայտնած է ան:

Անոր խօսքով,  ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններու յետագայ վատթարացումը անցեալին նման կը սահմանափակէ Հայաստանի մանեւրելու տարածքը: Կախուած պատժամիջոցներու, նաւթի գիներու եւ անյաջող բարեփոխումներու հետեւանքով Ռուսիոյ տնտեսութեան տկարացման չափէն, Հայաստանի տնտեսական ցուցանիշները նուազ պիտի ըլլան: Միեւնոյն ժամանակ, Իրանի հարցին շուրջ Թրամբի դիրքորոշումը նոյնպէս Հայաստանին ձեռնտու չէ:

Վերլուծաբանը նշած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կարելի է համարել ԱՄՆ-ի նկատելի մասնակցութիւնը տարածաշրջանի գործերուն: «Հիմա Ուաշինկթընը կարող է փորձել տարածաշրջանում աքթիւանալ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի ձեւաչափում մեծ դեր ստանձնելով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացում: ԱՄՆ-ի մեծացուած դերը կը նուազեցնէր պատերազմի հաւանականութիւնը եւ կը հաւասարակշռէր Մոսկուայի ներկայիս ջանքերը: Երեւանը պէտք է Ուաշինկթընի հետ խորհրդատուութիւն սկսի, որ համոզուի՝ եթէ եւ երբ ԱՄՆ-ն սկսի մասնակցել, նրա դերը համաչափ կը լինի Մոսկուայի մասնակցութեանը եւ հաւասարակշռուած Երեւանի ու Պաքուի նկատմամբ»,- կարծիք յայտնած է Անահիտ Շիրինեան:

Վերլուծաբանը նշած է, թէ պարտադիր չէ, որ Հայաստանի նկատմամբ ԱՄՆ-ի ռազմավարութեան բացակայութիւնը եւ արտաքին քաղաքականութեան անորոշութիւնն ընդհանուր առմամբ Երեւանի համար վատ երեւոյթ պիտի ըլլայ, քանի որ Հայաստանին Ուաշինկթընի հետ մարտավարական համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ նախաձեռնութիւն հանդէս բերելու հնարաւորութիւն կու տայ: Այսպէս, օրինակ, 2015 թուականին առեւտուրի եւ ներդրումներու մասին շրջանակային համաձայնագիր ստորագրուած է: Բացի անկէ, վերջերս Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպանը խօսած է Հայաստանի մէջ ուժանիւթի վերականգնուող աղբիւրներու զարգացման համար 8 միլիառ տոլար ներդնելու հնարաւորութեան մասին, որ կրնայ իւրայատուկ դեր ունենալ Հայաստանի ուժանիւթի բազմազանման եւ անկախացման համար, ուժանիւթի ոլորտին մէջ Իրանի եւ Վրաստանի հետ համագործակցելու համար, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Հայաստանի տարածաշրջանային դիրքին համար:

Վերլուծաբանին կարծիքով, գնդակը Հայաստանի դաշտն է, եւ յատկապէս Երեւան պէտք է ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւնները նոր մակարդակի հասցնէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment