Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հոկլանտ Որոշ Անճշդութիւններ ու Բացթողումներ Թոյլ Տուած է. Էտուարտ Նալպանտեան

Հոկլանտ Որոշ Անճշդութիւններ ու Բացթողումներ Թոյլ Տուած է. Էտուարտ Նալպանտեան

by MassisPost

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին մէջ ամերիկացի համանախագահ դեսպան Հոկլանտ իր հրապարակած կէտերուն մէջ թոյլ տուած է որոշ անճշդութիւններ ու բացթողումներ։ Այս մասին «NEWS.am»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀ ԱԳ նախարար Էտուարտ Նալպանտեան, մեկնաբանելով Հոկլանտի յայտարարութիւնը։

«Ես այսօր արդէն առիթ ունեցել եմ պատասխանելու այդ հարցին եւ նշել եմ, որ դրանք, ընդհանուր առմամբ, արտայայտում են Մինսկի խմբի համանախագահ երկրների նախագահների կողմից Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի հանգուցալուծման վերաբերեալ ընդունուած հինգ յայտնի յայտարարութիւնների դրոյթները»,- նշած է Նալպանտեան:

Հարցին, թէ այսինքն, Հոկլանտ բառացիօրէն կը կրկնէ՞ այդ դրոյթները, Նալպանտեան պատասխանած է. «Իր մեկնաբանութեան մէջ նա փորձել է  հաւատարիմ մնալ դրանց, սակայն թոյլ է տուել որոշ անճշդութիւններ ու բացթողումներ: Բայց նորից եմ կրկնում, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի հանգուցալուծման վերաբերեալ դիրքորոշումն արտայայտուում է ոչ թէ առանձին մեկնաբանութեան, այլ համանախագահ երկրների համատեղ առաջարկութիւնների եւ յայտարարութիւնների միջոցով, մասնաւորապէս, նախագահական մակարդակով ընդունուած հինգ յայտարարութիւններում, որոնք բազմիցս վերահաստատուել են եռանախագահների կողմից, ինչպէս օրինակ նախորդ տարուայ Դեկտեմբերին Համպուրկում համանախագահ երկրների արտգործնախարարների յայտարարութեան մէջ: Սա է Մինսկի խմբի համանախագահ երկրների դիրքորոշումը»:

Ըստ ԱԳ նախարարին, բացի հիմնահարցի կարգաւորման վեց տարրերէն, եռանախագահ երկիրներու նախագահներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութիւնները որպէս հակամարտութեան կարգաւորման հիմք յղում կը կատարեն նաեւ միջազգային իրաւունքի երեք սկզբունքներուն` ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան ու ինքնորոշման, եւ տարածքային ամբողջականութեան:

«Հայաստան բազմիցս արտայայտած է իր դիրքորոշումը համանախագահ երկիրներու այս յայտարարութիւններուն վերաբերեալ։ Նոյնը կարելի չէ ըսել Ատրպէյճանի մասին, որ կ’անտեսէ այդ յայտարարութիւնները, ձեւացնելով թէ անոնք ընդհանրապէս գոյութիւն չունին: Այսպիսով, Պաքու բացայայտօրէն դէմ դուրս կու գայ համանախագահ երկիրներու մօտեցումներուն:

Վերջին շրջանին ատրպէյճանական կողմը հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ մտացածին դիպաշարեր կը յօրինէ, կարգաւորման տարբեր տարրեր առաջ կը բերէ եւ եռանախագահներու շարունակական յայտարարութիւնները կու գան կրկին վերահաստատելու, որ այդ մտքի վարժութիւնները իրականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունին:

Իր այս վերջին մեկնաբանութեան մէջ Հոկլանտ ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման տարրերու թուարկումը կը սկսի կամ արտայայտութեան միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակի որոշումէն, որ իրաւական պարտադիր ուժ պէտք է ունենայ, ներառեալ Ադտրպէյճանի համար»,- նշած է նախարարը:

Անոր խօսքով, Պաքուի համար սովորական երեւոյթ դարձած է անցեալին ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն ետ կանգնիլը եւ այն կը վերաբերի ոչ միայն հիմնահարցի հանգուցալուծման գործընթացին, այլեւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներուն: «Մասնաւորապէս, Համպուրկում եռանախագահ երկրների արտգործնախարարների յայտարարութիւնը  նաեւ եւս մէկ անգամ պահանջում էր իրականացնել Վիեննայի եւ Սանկտ Փեթերպուրկի գագաթաժողովներին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները: Ինչպէս յայտնի է, Հայաստանն ու Արցախը բազմիցս արտայայտել են դրանք իրականացնելու պատրաստակամութիւն, մինչդեռ Ատրպէյճանը` հրաժարուում է, յետ է կանգնում իր ստանձնած յանձնառութիւններից:

Հայաստանը հետեւողականօրէն շարունակելու է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ երկրների հետ համատեղ ջանքերն` ուղղուած ատրպէյճանա-ղարաբաղեան համակարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորմանը»,- ամփոփած է Նալպանտեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment