Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Համահայկական Խորհուրդի Առաքելութիւնը

Համահայկական Խորհուրդի Առաքելութիւնը

by MassisPost

Անցեալ շաբաթ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցական հանդիպում, քննարկելու համար Հայաստան-Սփիւռք համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները: Այս առթիւ ներկայացուած է Համահայկական Խորհուրդի մը կազմութեան գծով տարուած աշխատանքներու ամփոփումը:

Համահայկական Խորհուրդ  ստեղծելու  մասին երկու տարի առաջ Սարգսեան խօսած էր Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Պետական Յանձնաժողովի աշխատանքներու աւարտին, յայտարարելով, որ այդ յանձնաժողովը պէտք է վերածել մնայուն մարմինի` զայն դարձնելով Համահայկական Խորհուրդ:

Համազգային որեւէ մարմինի յաջողութեան գլխաւոր գրաւականները կը կազմեն հետապնդելիք նպատակները, եւ  շօշափելի արդիւնքներու հանելու համար, կառոյցի  իրաւասութիւնները:

Եթէ նպատակը այն է, որ Համազգային Խորհուրդը զբաղի Հայկական ցեղասպանութեան  ու Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման  աշխատանքներով միայն, այդ պարագային  ստեղծուելիք մարմինը պիտի չկարողանայ մեծ նուաճումներ արձանագրել, նկատի առնելով, որ սփիւռքի կազմակերպութիւնները այդ գծով արդէն իսկ գործնական աշխատանքներ  կը կատարեն ու հասած են զգալի արդիւնքներու:

Մեր կարծիքով, համահայկական նորաստեղծ մարմինի առաքելութեան մէջ պէտք է առաջնահերթ տեղ գտնեն նաեւ արտագաղթի  կասեցման, ներգաղթի խրախուսման եւ Հայաստանի տնտեսական իրավիճակի բարելաւման հարցերը, որոնք մէկը միւսին հետ սերտօրէն առնչուած են:

Յաճախ կը խօսուի սփիւռքահայ ներդրումներ Հայաստան մտցնելու կարեւորութեան մասին: Սակայն, այդ գծով ցարդ ձեռք ձգուած արդիւնքները անբաւարար եղած են: Համահայկական Խորհուրդ կրնայ դառնալ այն կառոյցը, որ  կը կարողանայ ոչ միայն նոր միջոցներ որոնել, այլ նաեւ երաշխաւորել ներդրումներու պաշտպանուածութիւնը` տարբեր տեսակի չարաշահումներէ:

Հնչակեան կուսակցութիւնը միշտ ալ ողջունած է համահայկական մնայուն մարմին մը ստեղծելու գաղափարը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է սատարելու այդ ուղղութեամբ տարուող բոլոր աշխատանքներուն: Այժմ եւս պատրաստ է համագործակցելու`  նպատակներու եւ առաքելութեան յստակեցմամբ:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment