Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերմանիա Ողջունած է Տողան Ալխանլըն Ազատ Արձակելու Սպանիոյ Դատարանին Որոշումը

Գերմանիա Ողջունած է Տողան Ալխանլըն Ազատ Արձակելու Սպանիոյ Դատարանին Որոշումը

by MassisPost

Գերմանիոյ իշխանութիւնները ողջունած են ծագումով թուրք գրող Գերմանիոյ քաղաքացի Տողան Ալխանլըն ազատ արձակելու Սպանիոյ դատարանին որոշումը եւ դատապարտած այլախոհ վտարանդիները հետապնդելու համար միջազգային կառոյցներու հնարաւորութիւնները չարաշահելու Անգարայի գործելաոճը: Այս մասին կը հաղորդէ «Associated Press» լրատուական գործակալութիւնը:

Ալխանլը ձերբակալուած էր անցեալ Շաբաթ օր, Սպանիոյ հարաւը, սակայն յաջորդ օրը դատարանը զինք ազատ արձակած էր, պայմանով, որ չհեռանայ Սպանիայէն, մինչեւ Թուրքիա արտայանձնելու հայցին քննարկումը:

Անգարա անոր նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարած էր, սակայն պարզ չէ, թէ անոր դէմ ինչ մեղադրանքներ յարուցուած են:

Յայտնի է, որ ան անցեալին գրած է 1915 թուականի հայերու զանգուածային ջարդերուն մասին, որ Թուրքիոյ համար զգայուն թեմա է: Անգարա կը հերքէ լայնօրէն ընդունուած տեսակէտը, որ այդ Ցեղասպանութիւն էր, կը նշէ «Associated Press»:

Գրողներու «PEN» ընկերակցութիւնը կը գտնէ, որ Տողան Աքհանլըի հետապնդումը քաղաքական է, քանի որ ան գրած է հայերու ջարդերուն մասին, ինչպէս նաեւ քննադատած է մարդու իրաւունքներու իրավիճակը Թուրքիոյ մէջ:

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Գաբրիէլ գովաբանած է Ալխանլըն ազատ արձակելու դատարանին որոշումը, նշելով, որ սարսափելի պիտի ըլլար, եթէ Թուրքիա Եւրոպայի մէջ բանտարկութեան ենթարկէ Էրտողանի դէմ ձայն բարձրացնող մարդիկը:

«Ես լիովին կը վստահիմ Սպանիոյ արդարադատութեան եւ գիտեմ, որ Սպանիոյ կառավարութեան մէջ մեր գործընկերները կը հասկնան, թէ ինչ խաղադրոյք դրուած է», – ըսած է Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարը:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ իր կարգին յայտարարած է, որ Տողան Ալխանլըի ձերբակալութիւնը սխալ էր: «Պէտք չէ չարաշահել միջազգային կազմակերպութիւններու հնարաւորութիւնները, ինչպիսին «Ինթըրփոլն» է», – ըսած է Մերքէլ գերմանական «RTL» հեռուստաընկերութեան:

Տողան Ալխանլը ծնած է Թուրքիա, բայց 1984 թուականի յեղաշրջումէն ետք, երբ ան քանի մը տարի անցուցած էր բանտին մէջ, 1991-ին արտագաղթած է Գերմանիա եւ Գերմանիոյ քաղաքացիութիւն ստացած:

Սպանիա կը պահէ նաեւ թուրք-շուէտացի գրող եւ արձակագիր Համզա Եըլչինը, որ Անգարայի պահանջով 3 Օգոստոսին Պարսելոնայի մէջ ձերբակալուած է: Վերջինիս Թուրքիա կ’որոնէ ահաբեկչութեան կասկածանքով:

Գրողներու «PEN» ընկերակցութիւնը եւ «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը կը պահանջեն ազատ արձակել Եըլչինը:

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը յայտարարած է, որ Եըլչինի ձերբակալութեամբ Էրտողան կը փորձէ ցոյց տալ, որ զինք քննադատողներուն կրնայ հասնիլ անգամ երկերի սահմաններէն դուրս:

Սպանիոյ Տեղեկատուութեան պաշտպանութեան ազատութեան ամպիոնը ողջունած է Տողան Ալխանալըն ազատ արձակելու որոշումը, պնդելով, որ Եըլչին նոյնպէս պէտք է ազատ արձակուի եւ որ այդ երկու ձերբակալութիւններուն վերաբերեալ Սպանիա պէտք է բացատրութիւններ տայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment