Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մահացած է Հայրենի Գրող Պերճ Զէյթունցեանը

Մահացած է Հայրենի Գրող Պերճ Զէյթունցեանը

by MassisPost

Այսօր կեանքէն հեռացած է ականաւոր արձակագիր, թատերագիր, հրապարակախօս եւ թարգմանիչ Պերճ Զէյթունցեան։ Այդ մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնբրէս» լրատուական գործակալութիւնը։

Զէյթունցեան ծնած է 1938 թուականի Յուլիսի 18-ին, Եգիպտոս, Խորհրդային միութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ է։ 1948 թուականին Զէյթունցեան հայրենադարձած է։

1965-1968 թուականներուն եղած է «Հայֆիլմ»ի խմբագիրը, այնուհետեւ եղած է հեռուստաֆիլմերու «Երեւան» սթուտիոյի գլխաւոր խմբագիրը, 1975-1986 թուականներուն՝ Հայաստանի գրողներու միութեան քարտուղարը։ 1991-1992 թուականներուն եղած է Հայաստանի Մշակոյթի առաջին նախարարը: Անոր առաջին գիրքը տպագրուած է 1956 թուականին։

Զէյթունցեան հեղինակ է 12 թատերգութիւններու, որոնք բեմադրուած են Երեւանի թատրոններուն մէջ։ Գիրքերը թարգմանուած են 11 լեզուներու, այդ թուին՝ ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment