Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Թրամփի Բարոյական Սնանկացումը

Նախագահ Թրամփի Բարոյական Սնանկացումը

by MassisPost

Այս սիւնակով կը ծրագրէինք անդրադառնալ  Ամերիկայի եւ Հիւսիսային Քորէայի կողմէ փոխադարձ  սպառնալիքներուն ու աշխարհին սպառնացող հիւլէական պատերազմի մը վտանգին:

Սակայն, Թրամփի Ամերիկային մէջ դէպքերը այնքան արագ կը զարգանան, որ նոյնիսկ հեռատեսիլի ալիքները դժուարութիւն կ’ունենան քայլ պահելու   նախագահի արարքներուն, ելոյթներուն եւ «թուիթըրեան» գրառումներուն հետ, որոնք շատ յաճախ զիրար հակասելով` տագնապէ-տագնապ կ’առաջնորդեն երկիրը:

Անցնող շաբաթավերջին Վըրճինիա նահանգի Շարլոթսվիլլ քաղաքին մէջ, ցեղային խտրականութեան հետեւորդները դարձեալ հրապարակ իջած էին: Սեւամորթներու դէմ խորհրդանշական արարք նկատուող` ջահերով գիշերային  երթ կազմակերպելէ ետք, յաջորդ օրը առաւօտեան նացիզմի,  Քու Քլաքս Քլանի եւ քաղաքացիական պատերազմի դրօշներով, հակասեմական եւ օտարատեաց բացականչութիւններով ու  նաեւ զինեալ խումբերու առաջնորդութեամբ տողանցող,  սպիտակ  ցեղի գերակայութեան  կողմնակիցներու  եւ անոնց դէմ բողոքողներու  միջեւ տեղի ունեցան  բախումներ: Քաղաքի մէկ այլ հրապարակին վրայ, նացիներու կողմնակից մը ինքնաշարժով ուղղուեցաւ հակացուցարարներու խումբին վրայ, սպաննելով երիտասարդ աղջիկ մը եւ վիրաւորելով 19 հոգիներ:

Ծայրայեղական այս կազմակերպութիւնները դատապարտող յայտարարութիւններուն միացան քաղաքական տարբեր   հայեացքներ ունեցող հանրապետական եւ Դեմոկրատ գոնկրէսականներ, Ծերակոյտի անդամներ եւ պարզ քաղաքացիներ:

Ժողովուրդը կը սպասէր նաեւ նախագահ Թրամփի խօսքին, որպէսզի  ան եւս գայ դատապարտելու  երկրէն ներս պառակտում սերմանող խմբաւորումներու արարքները: Սակայն, ի զարմանս բոլորին, Թրամփ խուսափեցաւ յստակ հասցէագրուած կերպով խօսք ըսելու ու մերժելու  խտրականութեան քարոզիչները ու անոնց դաւանած գաղափարները: Թրամփի ելոյթը եկաւ  զայրոյթ յառաջացնելու Ամերիկացի ժողովուրդին մօտ  ու հաստատելու այն կարծիքը, որ  Թրամփ այդ տարրերը կը նկատէ իր քաղաքական յենարանի մէկ մասը, որոնց հետ պատրաստ չէ խզում յառաջացնելու:

Այսպիսով նախագահ Թրամփ եկաւ  անգամ մը եւս փաստելու, որ ինք պատրաստ չէ առաջնորդելու այս երկիրը ու սնանկ է նաեւ բարոյական առումով:

«ՄԱՍԻՍ»  

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment