Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան Պատգամը Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան 130-Ամեակի Տօնակատարութեան Ընթացքին

Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան Պատգամը Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան 130-Ամեակի Տօնակատարութեան Ընթացքին

by MassisPost

Յարգելի բարեկամներ,
Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Նախ թոյլ տուէք շնորհակալութիւն յայտնել Աւստրալիոյ Շրջանի Վարիչ Մարմինին՝ այս հանդիսութիւնը կազմակերպելուն եւ համեստս հրաւիրելու համար, իբրեւ օրուան բանախօս:

Այս տարի համայն հայ ժողովուրդը եւ յատկապէս անոր հնչակեան հատուածը հանդիսաւոր կերպով կը տօնենք առաջին հայկական ընկերվարական յեղափոխական կուսակցութեան հիմնադրութեան 130-ամեակը:

Հնչակեան կուսակցութիւնը հայ ազգային-ազատագրական պայքարի պատմութեան եւ Միջի Արեւելքի ընկերվարական շարժման անքակտելի մէկ մասն է:

Վերջին 130 տարուան մէջ չկայ ազգային մեծ իրադարձութիւն մը կամ ճակատագրական հանգրուան մը, ուր հնչակեան կուսակցութիւնը ունեցած չըլլայ իր մասնակցութիւնը եւ դերակատարութիւնը:  Անոր ազդեցութիւնը երբեմն եղած է համեստ եւ անուղղակի, իսկ յաճախ՝ վճռորոշ: Ան, իր ֆետայիներուն արեամբ եւ գործիչներու քրտինքով ձեռք բերած բոլոր նուաճումները եւ յաջողութիւնները նուիրած է հայութեան եւ Հայաստանին:

Իսկ այդ նուաճումներուն եւ յաջողութիւններուն ի խնդիր տարուած պայքարի ճանապարհին, ան իր ստացած վէրքերը կրած է առանձին, զանոնք ընդունելով իբրեւ փառքի շքանշան, Մայր կուսակցութեան նահատակներու արեամբ ներկուած կարմիր յեղափոխական դրօշին վրայ:

Հնչակեան կուսակցութիւնը, յառաջատարի հանգամանքով եւ իբրեւ ազգային ազատագրական պայքարի անդրանիկ շարժում, իր համոզումներուն գինը վճարած է կուսակցութեան ամենափայլուն դէմքերուն կեանքով: Այսուհանդերձ, երբեք չէ նահանջած, չէ յուսալքուած, դասալիք չէ եղած. եւ ահա այսօր եկած ենք բաց ճակատով, համայն աշխարհին բարձրաձայնելու,

«նոյնն է մեր ուղին այսօր եւ ընդմիշտ»:

Յարգելի ներկաներ,
Մայր  Կուսակցութեան  հիմնադրութեան պատմութիւնը կը սկսի 1887 թուականին, Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ, երբ հայրենիքով մտահոգուած խումբ մը կովկասահայ ուսանողներ, գլխաւորութեամբ Աւետիս Նազարբէկեանի, Մարօ Վարդանեանի, Ռուբէն Խանազատի եւ Գաբրիէլ Կաֆեանի, քով-քովի գալով կը մտածեն Ցարական Ռուսաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան  միջեւ բաժնուած հայրենիքի միաւորման, եւ այդ հայրենի հողին վրայ իր գոյութիւնը պահող ստրկացած ժողովուրդին փրկութիւն բերելու միջոցներուն մասին: 1880-ականներուն Ժընեւ կը գտնուէին նաեւ, ցարական հալածանքներէն խոյս տուած, ականաւոր յեղափոխականներ, որոնց շարքին էին Վերա Զասուլիչը, Վլատիմիր Լենինը եւ ուրիշներ: կովկասաՀայ երիտասարդները  խմբակին անդամները, կ’որոշեն հիմնել յեղափոխական կազմակերպութիւն մը:

Յեղափոխական կազմակերպութիւնը կը ձեռնարկէ թերթի մը հրատարակութեան, զոր կը կոչէ «Հնչակ», իսկ հիմնադիրներու խումբը կը կոչուի Հնչակեան Յեղափոխական Կազմակերպութիւն որ յետագային պաշտօնապէս կը վերածուի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան:

«Հնչակ» թերթը կը դառնայ յառաջադէմ մտածողութեան քաղաքական ամպիոն, հայ հրապարակախօսութեան մէջ կը մտցնէ նոր ընկերաքաղաքական եզրեր, ինչպէս սոցիալիզմ, քափիթալիզմ եւ այլն:

Հետեւաբար «Հնչակ»ը կը դառնայ հայ ազգային-ազատագրական պայքարի աւետաբեր, եւ ինքնորոշման իրաւունքի պահանջատէրը:

Ահա այս գաղափարները քանի մը տարի ետք պիտի խալխլէին Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութիւններուն հիմքերը, զանոնք տանելով դէպի փլուզում եւ նոր կարգերու հաստատում այդ տարածքներուն վրայ:

130 տարի առաջ մշակուած ծրագրին մէջ տեղ գտած ընկերային-քաղաքական դրոյթները ընդհանուր գիծերուն մէջ մինչեւ օրս կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը: Հնչակեան ծրագիրին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը խօսուէր ընկերային արդարութեան,  խօսքի, խղճի, գումարման, աշխատանքի իրաւունի և տեղական ինքնակառավարման լայն իրաւասութիւններու մասին:

Եզրակացնելով՝ Հնչակեան հիմնադիրները 19-րդ դարու վերջաւորութեան, տեսան 21-րդ դարուն վայել հայրենիքի մը տեսիլքը եւ գծեցին անոր ուրուագիծը:

Սակայն մեր պատմական հայրենիքին վրայ իշխող Ցարական Ռուսաստանի և Օսմանեան հնաոճ կայսրութիւններուն մէջ, անհնար էր հնչակեան ծրագիրը իրականացնել բնականոն միջոցներով: Հետեւաբար, հին կարգերը կտրուկ փոխելու, եւ հնչակեանի հայեցողութեամբ հասարակարգ մը հաստատելու, միակ միջոցը կը մնար յեղափոխութիւնը:

Ահա այս պատմական ճակատագրական պահուն Հնչակեան Կուսակցութիւնը իր մէջ գտաւ ժողովուրդը առաջնորդելու գիտակցութիւնը եւ վճռականութիւնը, ընդունեց մարտահրաւէրը եւ բռնութեան ժանտ շղթաները փշրելու, ակնկալուած կարմիր հրաւէրին կոչնակը հնչեցուց ծագէն մինչեւ ծագ ։

Ժընեւէն Թիֆլիս, Պոլիս, Պաքու, Վան, Սասուն, Զէյթուն, Հաճըն, Կիլիկիա, Երեւան, Ալեքսանտրապոլ, Սարդարապատ, Պաղեստին, Սուրիա, Լիբանան, Իրան, Յունաստան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա եւ հերոսական Արցախ:

Հնչակեան կուսակցութիւնը անողոք կռիւ մղեց ռուսական բռնատիրութեան դէմ, սուլթան Ապտիւլ Համիտի վայրագութիւններուն դէմ, իթթիհատական խարդաւանքներուն դէմ, անգլիական ու ֆրանսական գաղութատիրութեանց դէմ, Իրանի Շահնիշահին միապետութեան դէմ, ֆաշիստական Գերմանիոյ դէմ, վայրագ դրամատիրութեան դէմ, ռազմական խունդաներու հակա-ժողովրդական բռնատէրերու դէմ, հասնելով մինչեւ Ղարաբաղի ազատագրական պայքարը:

Հաւատարիմ իր ազգային եւ համամարդկային սկզբունքներուն, սակայն միշտ իր գործունէութեան նպատակը  եղաւ պահպանել հայ ժողովուրդի, եւ Հայաստանի, ռազմավարական գերագոյն շահերը:

Ան ողջունեց Առաջին Հայկական Հանրապետութեան ծնունդը եւ կոչ ուղղեց պաշտպանել զայն, Երկրորդ Հանրապետութեան մէջ տեսաւ մեր ժողովուրդի խաղաղ գոյատեւութեան գրաւականը, պաշտպանեց եւ թիկունք կեցաւ Խորհրդային Հայաստանին:

Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի, ընթացքին հայրենիքը աւելի քան 350.000 զոհ տուաւ։

Բնակչութեան կտրուկ անկումը վտանգեց Հայաստանի գոյութիւնը, և հրատապ կարիքը ստեղծուեցաւ նոր աւիւնով թարմացնելու Հայաստանի բնակչութիւնը:

Խորհրդային Հայաստանը փրկելու լաւագոյն միջոցը սփիւռքահայութեան մէկ հատուածին հայրենադարձութիւնն էր դէպի Հայրենիք:

Հնչակեան Կուսակցութիւնը առաջինը ընդառաջեց հողի կանչին, իր տասնեակ հազարաւոր կուսակցականները եւ համակիրները ուղղեց դէպի հայրենիք՝ փրկելու համար հայ ժողովուրդի վերջին խարիսխը:

Տարիներ ետք պատմութիւնը ապացուցեց, որ հայրենադարձութիւնը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ աննախադէպ հայրենասիրական ռազմավարական իրագործում մը եղած է: Այդ հայրենադարձներուն շնորհիւ փրկուեցաւ Հայաստանը, իսկ անոնց զաւակները յետագային դարձան արուեստագէտներ, բժիշկներ, գրողներ, ճարտարագէտներ, գիտնականներ, արցախեան պատերազմի հերոսներ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան:

Ուստի, 1947-ի հայրենադարձութեան 70-ամեակին առթիւ, ի պատիւ Մայր կուսակցութեան կ’արձանագրենք, որ ան եղած է այդ հայրենադարձութեան իրագործողներէն եւ ցուցաբերած է գերագոյն հայրենասիրութիւն, հեռատեսութիւն, խիզախութիւն եւ զոհողութիւն:

Հնչակեան կուսակցութիւնը ողջունեց Երրորդ Հանրապետութեան ծնունդը, անոր մէջ տեսաւ երկրորդ հանրապետութեան շարունակութիւնը, սակայն արցախեան պատերազմը, շրջափակումը եւ անկախութեան առաջին ղեկավարութեան քաղաքական անփորձութիւնը, պատճառներ եղան, Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական անկման եւ հայրենապարպումին:

Այսօր անկախութենէն անցած են 25 տարի, Հայաստանի իրարայաջորդ իշխանութիւնները չեն կրցած լուծել ընկերային ու տնտեսական հիմնական հարցեր.    ճիշդ է, որ մերօրեայ Երեւանը օժտուած է շքեղ շէնքերով, սակայն բնակչութեան լայն հատուածը կը շարունակէ ապրիլ աղքատութեան մէջ, եւ յարմար առիթը եւ միջոցը կը փնտռէ լքելու երկիրը:

Չեմ ուզեր շատ խօսիլ մոխրագոյն երեւոյթներու մասին, սակայն մէկ բան անպայման արձանագրել կ’ուզեմ, որ իշխանութիւնները եւ անհատները մեկնող են, իսկ հայրենիքը եւ ժողովուրդը՝ մնացող: Մենք կը հաւատանք, որ հաւաքականութեան շահերը գերադաս են անհատական շահերէն: Իսկ այն անհատները, որոնք կը փորձեն անտեսել հաւաքականութեան շահերը, առաջ քաշելով սեփականը, անպայմանօրէն պիտի պատժուին ժողովուրդի եւ պատմութեան դատաստանին առջեւ:

Յարգելի ներկաներ,
Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Հնչակեան կուսակցութեան 130-ամեակին ընդմէջէն կ’ոգեկոչենք նաեւ մեր ժողովուրդի ազատութեան համար զոհուած բոլոր նահատակներուն յիշատակը: Ասոնց կողքին կը մեծարենք 15 Յունիս 1915-ին, Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացած Փարամազը եւ իր 19 ընկերները:

Մինչեւ չորս տարի առաջ, Քսան հնչակեաններու զոհողութեան համար յարգանքի տուրք մատուցելը Հնչակեան կուսակցութեան մենաշնորհ կը համարուէր: Սակայն այսօր անոնց յիշատակը յաւերժացնելու գիտակցութեան հասած են ոչ միայն հնչակեանները եւ հայերը առհասարակ, այլեւ՝ Թուրքիոյ մէջ ապրող, իրաւազրկուած, ճնշուած եւ ընկերային հաւասարութեան հաւատացող, լուսաւորեալ անհատներ ու հաւաքականութիւններ:

Փարամազի կերպարը դարձած է յետադիմութեան, կրօնամոլութեան, ազգայնամոլութեան դէմ պայքարի խորհրդանիշ, կամ ինչպէս հրապարակախօս Սարգիս Հացպանեան զայն անուանեց «Մեր Չէ Կեվարան»:

Ասոր ամենափայլուն առաջին փաստը արձանագրուեցաւ 2014 թուականի Հոկտեմբերին, Սուրիոյ հիւսիսային Քոպանի շրջանին մէջ։

Քիւրտ ազատամարտիկներու եւ իսլամական պետութիւն կոչուած ահաբեկչական կազմակերպութեան միջեւ ընթացող թէժ մարտերու ժամանակ, Միշթեննուր կոչուող բլուրի մը վրայ երկու ժամ դիմադրելէ ետք կը զոհուի Փարամազ-Գըզըլպաշ անունով մարտիկ մը:

Քանի մը ամիս ետք հանդիպում մը ունեցանք անոր ծնողքին հետ Պոլսոյ մէջ եւ իմացանք, որ Սուպհի-Նեժաթ հիացած էր Փարամազի  յեղափոխական կերպարով եւ երբ մեկնած է,  իր համամարդկային պարտքը կատարելու, իր մարտական-յեղափոխական անունը ընտրած է «Փարամազ-Գըզըլպաշ», առ ի զօրակցութիւն Թուրքիոյ մէջ հալածուած հայ եւ ալեւի ժողովուրդներուն եւ որպէս համամարդկային գաղափարներու արտայայտութիւն:

Քոպանիի ինքնակառավարման խորհուրդին որոշումով այդ բլուրը կոչուած է իր անունով, եւ Փարամազ-Գըզըլպաշ, Սուպհի-Նեժաթ անունով բացուած է ժողովուրդներու բարեկամութեան մշակութային կեդրոն:

Քանի մը օր առաջ, երբ այս տողերը կը գրէի, «Արարատ» օրաթերթին մէջ լուր մը ցնցեց հոգիս: Լուրին վերնագիրը հետեւեալն էր։ «Նոր Փարամազ Մը», եւ բառացի գրուած էր. Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մարտերու ընթացքին, իսլամական պետութիւն կազմակերպութեան դէմ կռուողներու շարքին է արմատներով հայ, լեժուան Փարամազ Մունզուրը՝ Տերսիմէն: Ան ծնած եւ կեանքին մեծ մասը ապրած է Գերմանիոյ մէջ, ուր զբաղած է հիւանդապահութեամբ: Երեսուն տարեկան մարտիկը տակաւին տասը ամիս առաջ հասաւ հիւսիսային Սուրիա, ուր կը մասնակցի իսլամական պետութիւն կազմակերպութեան դէմ մղուած մարտերուն, խօսելով «Karinca» համացանցային էջին, Փարամազ անունը կրող մարտիկը ըսաւ. «Մարդոց սպանդին դիմաց այլեւս կարելի չէ ձեռնածալ մնալ: Իմ ընտանիքս Տերսիմէն է եւ հայ է: Շրջանի ժողովուրդները այս հողերուն վրայ սպանդներու ենթարկուած են՝ ներառեալ հայերն ու քրիստոնեաները: Ես կը կռուիմ այդ ժողովուրդներուն վրէժը լուծելու համար», Ան նշեց, որ Ռաքքայի մէջ կ’ապրէին բազմաթիւ ժողովուրդներ՝ ներառեալ արաբներ, քիւրտեր, հայեր, ասորիներ, քրիստոնեաներ. եւ կը շարունակէ «Այստեղ բազմաթիւ կրօնական վայրեր կան, մանաւանդ եկեղեցիներ: Որպէս հայ ուզեցի մաս կազմել պայքարին: Այս քաղաքը ազատագրելով մենք դարձեալ պիտի կառուցենք զայն», ըսաւ նոր Փարամազ:

Սիրելի ընկերներ եւ բարեկամներ,
Երկու փաստերը, որոնք յիշեցի, ամրագրուած են մեր պատմութեան մէջ, գերագոյն զոհողութեան թելադրած արեամբ եւ քրտինքով, մեկնաբանութեան կարիք չունին եւ արժանի են միայն խորին յարգանքի եւ խոնարհութեան: Սակայն այս բոլորին դիմաց հարցում մը ունիմ ուղղուած Երեւանի քաղաքային իշխանութիւններուն:

Յարգելի պարոններ,
Երբ Քիւրտիստանի մէջ մշակութային կեդրոն կը բացուի Փարամազի անունով, իսկ հեռաւոր Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթէվիտէոյի մէջ հրապարակ մը կ’անուանուի Փարամազի եւ իր ընկերներուն անունով, դուք ե՞րբ պիտի արժեւորէք եւ յաւերժացնէք Ձեր ժողովուրդի հարազատ զաւակին՝ հնչակեան Փարամազի եւ ընկերներուն յիշատակը քաղաքամայր Երեւանի մէջ:

Յարգելի ներկաներ,
Չորս տարի անցաւ այն պատմական օրէն, երբ Պոլսոյ մէջ նշեցինք Քսաններու 98-ամեակը: Այդ ձեռնարկը սոսկ ոգեկոչում մը չէր, այլ՝ վերադարձ մը դէպի այն հրապարակը, որուն երկինքին մէջ մեր նահատակ ընկերներուն հոգիները կը շարունակէին սաւառնիլ անհանգիստ, սպասելով վրէժխնդրութեան պահուն: Այդ պատմական օրը  մենք այնտեղ էինք, հրապարակին վրայ, ողջունելու եւ խօսելու մեր նահատակ ընկերներ,
Փարամազին,
Յակոբ Գազազեանին,
Մինաս Քէշիշեանի,
Սմբատ Գլըճեանին,
Վահան Պոյաճեանին,
Տոքթ. Պեննէին,
Արմենակին,
Աբրահամ Մուրատեանին,
Արամ Աջըգպաշին,
Հրանդ Եկաւեանին,
Գարեգին Պօղոսեանին,
Պօղոս Պօղոսեանին,
Յակոբ Պասմաճեանին,
Թովմաս Թովմասեանին,
Երեմիա Մանանեանին,
Մկրտիչ Երէցեանին,
Վանիկին,
Երուանդ Թոփուզեանին,
Յովհաննէս Եղիազարեանին,
Գառնիկ Պոյաճեանին:

Եւ ըսելու։ Սիրելի նահատակ ընկ. տոքթ. Պեննէ: «մենք երբեք չի  մոռցանք Ձեր սխրագործութիւնը, Քսան հազարներով քալեցինք Ձեր ճամբով, շատեր կարծեցին, որ պիտի մոռնանք Ձեզի, բայց  ի հեճուկս անոնց նենգամտութեան, մենք եկանք Պայազիտի հրապարակ, Ձեր բարձրացած պատուոյ պատուանդաններուն տեղը կարմիր ծաղիկներ զետեղելու, խոնարհելու Ձեր գերագոյն զոհողութեան առջեւ»:

Սիրելի նահատակ ընկ. Փարամազ, կը յիշե՞ս, ըսած էիր, որ «մեր ուզածը հաւասարութիւն է»:  Այսօր քու խօսքերդ իրականութիւն կը դառնան, նոր պատմութիւն մը կը գրուի Թուրքիոյ մէջ: Այնտեղ ապրող հայեր, թուրքեր, քիւրտեր, ալեւիներ, լազեր, ասորիներ, եզիտիներ եւ այլք ուս-ուսի տուած կը դիմադրեն նոր ազգայնամոլ կրօնամոլներուն, եւ հաւասարէ հաւասար ապրելու պայքարի ելած են:

Սիրելի ընկեր, գիտեմ հոգիդ շատ կը ցաւէր, երբ յեղափոխականի պիտակ կրող հայեր ձայն տուին իթթիհատին, եւ չի կրցան հասկնալ քեզի եւ ընկերներուդ: Ճիշդ էր Սապահ Գիւլը, եղաւ ակնկալուածը, ենթարկուեցանք ահռելի ցեղասպանութեան մը, տասնեակ հազարաւոր հայեր թրքացան,սակայն յուրախութիւն եւ ի պատիւ Ձեզի, հարիւր տարի անց անոնց թոռներէն ոմանք դարձի եկան, վերադարձան իրենց արմատներուն, եկան հայրենիքի աւազանով մկրտուելու, եւ գիտե՞ս, ընկեր, անոնցմէ մէկը իր վերածնունդի անունը քու անունդ՝ Փարամազ ընտրեց:

Սիրելի նահատակ Վանիկ, իմաստուն, քաջ, երիտասարդ ընկեր, յաճախ երիտասարդները խրախուսելով կ’ըսէիր, որ «մարդուն միակ լաւագոյն ուղին պայքարի ուղին է»: Երանի հրաշք մը պատահէր, իջնէիր երկնային թագաւորութենէդ, միանայիր մեր շարքերուն եւ տեսնէիր, որ աչքիդ լոյսով խմբագրած «Կայծ»դ քանի՜-քանի՜ երիտասարդ սրտերու ջահերը բոցավառած է:

Յարգելի ներկաներ,
Հաւատարիմ իր աւանդութեան եւ պահը ճիշդ գնահատող Հնչակեան կուսակցութիւնը կրկին անգամ իր մէջ գտաւ այդ ուժը ընդառաջելու մեկնուած ձեռքին, եւ տեղւոյն վրայ երկխօսութեան մէջ մտնելու ձախակողմեան եւ յառաջադէմ այն մարդոց հետ, ովքեր կը  ճանչնային Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ պատրաստ էին օգնելու մեր ժողովուրդին՝ արդար դատը Թուրքիոյ մէջ ծանօթացնելու եւ հետ կոչ ընելու պետութեան առերեսուելու պատմութեան:

Ինչպէս միշտ, եղան պահպանողական անձեր եւ կազմակերպութիւններ, մինչեւ իսկ գտնուեցան անհատներ, որոնք ցնորամտութիւն որակեցին մեր արարքը:

Կարճ ժամանակ անց փաստուեցաւ, որ Հնչակեան կուսակցութեան առած քայլը ճիշդ էր եւ ունէր ռազմավարական նշանակութիւն: Մենք յաջողեցանք կոտրելու Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող կարծրատիպերը, Թուրքիոյ ընկերվարական շարժման պատմութեան մէջ յստակ շեղում մը մտցուցինք, եւ այս հարցով սկսան բարձրաձայն խօսիլ լայնախոհ մտաւորականներ, ընկերվարական շարժման հիմնադիր ճանչցուած Մուսթաֆա Սուպհիի կողքին սկսաւ խօսուիլ հնչակեան գործիչներու մասին, ինչպէս Համբարձում Պոյաճեանի, Վանիկի եւ Ճանկիւլեանի, իսկ Քսան Հնչակեանները դարձան Օսմանեան կայսրութեան մէջ գաղափարի համար մահուան դատապարտուած առաջին սոցիալիստները: Այս բացայայտումը նոր պատմագրութեան եւ ուսումնասիրութիւններու դաշտ մը բացաւ յառաջդիմական շրջանակներուն մօտ:

Բաւական է նշել, թէ «Փարամազ, Հայ Յեղափոխականը» գիրքը 4 անգամ վերահրատարակուելէ ետք 2015-ին ճանչցուած է Թուրքիոյ անակնկալ վաճառք արձանագրած 10 գիրքերու շարքին:

Լոյս տեսած է «Թուրքիոյ Ձախէն Դիմանկարներ» անունով գիրք մը, որուն առաջին դէմքը կը նկատուի Փարամազը:

Այս բաժինը աւարտելու համար կը մէջբերեմ «Փարամազ. Հայ Սոցիալիստները, Ապտիւլ Համիտէն Մինչեւ Իթթիհատ» գիրքին մասին գրուած մէկ գրախօսականէ մը, ուր կ’ըսուի. «Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով այս երկիրը կորսնցուց մտաւորական, մշակութային մեծ հարստութիւններ, ասոնց շարքին մեծ վնաս կրեց Թուրքիոյ քաղաքական միտքը եւ սոցիալիստական շարժումը, որ մնաց առանց հաստատուն արմատներու: Այսօր, 100 տարի ետք, յայտնաբերեցինք, որ  մեր երկրի յառաջդիմական եւ համամարդկային գաղափարներու յառաջամարտիկները եղած են հայ հնչակեանները՝ Փարամազները»:

Յարգելի ներկաներ,
Այս հանդիսութեան ընթացքին անհնար է չանդրադառնալ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ իր խոր վէրքը ձգած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այդ ուղղութեամբ մեր տանելիք աշխատանքի բաժինին մասին:

Բոլորս լաւ կը յիշենք 29 Յունուար 2015-ին, Ծիծեռնակաբերդի մէջ, նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին պատմական հռչակագիրը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ տարուող աշխատանքներու ուղեցոյց մըն է, հիմնուած լաւ ուսումնասիրուած իրաւական եւ համամարդկային օրէնքներու վրայ:

Այնտեղ ըսուած է:
Արտայայտելով հայ ժողովուրդին միասնական կամքը.

3- Շնորհակալութիւն կը յայտնենք այն պետութիւններուն, միջազգային, կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն, որոնք խիզախութիւնը ունեցան ճանչնալու եւ դատապարտելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

4- Երախտագիտութիւն կը յայտնենք այն ազգերուն կառոյցներուն եւ անհատներուն, որոնք իրենք զիրենք վտանգելով՝ մարդասիրական բազմաբնոյթ օգնութիւն ցուցաբերեցին… բազմաթիւ հայերու:

8- Կոչ կ’ուղղենք Թուրքիոյ հանրապետութեան ճանչնալու եւ դատապարտելու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը…:

Կը զօրակցինք Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութեան այն հատուածին, որուն ներկայացուցիչները այսօր արդէն համարձակութիւն կը դրսեւորեն այդ հարցով, ի հակադրութիւն իշխանութիւններու պաշտօնական դիրքորոշումին:

9- Յոյս կը յայտնենք, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ դատապարտումը կարեւոր մեկնակէտ պիտի դառնան հայ եւ թուրք ժողովուրդներու պատմական հաշտեցման գործընթացին:

Հռչակագիրը ամբողջութեամբ բաղկացած է 12 կէտէ, որոնցմէ 4-ը առնչուած են հայ եւ թուրք հասարակութեանց յարաբերութիւններուն: Մեր գնահատումով, 4 կէտերուն գործնականացման բաժինը կը հանդիսանայ հռչակագիրին ամէնէն դժուար իրագործելի հատուածը:

Ի պատիւ Մայր կուսակցութեան, կրկին արձանագրենք, որ չորս տարի առաջ կուսակցութեան 20-րդ համագումարի ամենակարեւոր կէտերէն մէկը կը հանդիսանար հայ եւ թուրք հասարակութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները, այդ յարաբերութիւններու միջոցներն ու պայմանները, Թուրքիոյ պետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցը: Եւ պէտք է նշել, որ այնտեղ արծարծուած միտքերը եւ առնուած գործնական որոշումները շատ համահունչ էին երկու տարի յետոյ համահայկական հռչակագրի համապատասխան յօդուածներուն:

100 ամեակի հռչակագիրը, մեր ազգային-քաղաքական ասպարէզին մէջ նոր աշխատանքային դաշտ մը կը բանայ, այդ դաշտը Թուրքիոյ հանրապետութիւնն է:

Այդտեղ գործելը վտանգաւոր է եւ զգուշաւոր:

մանաւանդ Էրտողանի օրըստօրէ սաստկացող բռնատիրութեան պայմաններուն մէջ որ, երկիրը վերածած է հսկայ բանտի մը, ձերբակալուած են երեսփոխաններ, 72- բանտերը լեցուած են խօսքի ազատութեան զոհերով, Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան երկու համանախագահները եւ անոնց հազարաւոր կուսակիցները կը գտնուին ազատազրկութեան մէջ, ժողովուրդին կամքով ընտրուած տեղական ինքնակառավարման խորհուրդներու նախագահներ պաշտօնազրկուած են եւ անոնց տեղը պարտադիր տեղապահներ նշանակուած են:

1915- էն մինչեւ օրս մեր թշնամիները չեն փոխուած, նոյն կրօնական ծայրայեղական հոսանքներն են Էրտողանի գլխաւորութեամբ, նոյն ազգայնամոլ ցեղապաշտ գորշ գայլերն են՝, պիտակափոխուած իթթիհատականները խունտայականները, մեր իրաւունքները ժխտողներու վոհմակը եւ անոնք, որոնք սպաննեցին Հրանդ Տինքը եւ կը շարունակեն շրջապատել Հայաստանը, թիկունք կը կանգնին Ալիեւներու նեխած իշխանութեան:

Իսկ այս թշնամիներուն դիմացի ճամբարին մէջ կը գտնուին մեր բնական դաշնակիցները, որոնց հետ գործակցելու եւ անոնց բարոյական թիկունք ըլլալու պատիւը ունինք հնչակեաններս:

Մեր բարեկամներն են Թուրքիոյ մէջ ապրող, հողին կառչած՝ ամէն տեսակի ճնշումներուն հանդուրժող հայերը, եւ յատկապէս անոնց յառաջադէմ հատուածը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու հաւասարութեան հաւատացող, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած, աշխատաւորին վաստակը պաշտպանող, եւ քաղաքական յեղաշրջումի կողմնակիցները:

Արդարեւ, Քսաններու նահատակութենէն 102 տարի անց, մեր առջեւ դրուած խնդիրները կը մնան անփոփոխ:

Ուրեմն մեր 130 տարուան պայքարը կը շարունակուի նոյն խանդավառութեամբ, յանձնառութեամբ եւ հաւատքով:

Սիրելի ուխտեալ Հնչակեան ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Ճանկիւլեանի պարզ, յստակ ըսուած հետեւեալ խօսքը միշտ ձեր յիշողութեան մէջ պահեցէք. «Ընկերներ, վաղը ճրագս պիտի մարի, բայց մի թողուք, որ յեղափոխութեան ճրագը շիջի երբեք»:

Սիրելիներ, շատ գործ կայ ընելիք թէ՛ հայրենիքի մէջ, թէ՛ սփիւռքի մէջ. եւ պարտաւոր ենք գտնուիլ ամէնուրեք, յատկապէս Հայաստանի մէջ, ուր  մեր  տեղը աշխատաւորի կողքին է, մենք իրաւունք չունինք շքանշաններու կամ մէկ-երկու պետական պաշտօնի համար քծնելու իշխանութիւններուն, հրաժարելու մեր սկզբունքներէն. մեր տեղը գիտակից եւ օրինապահ ժողովուրդին մէջն է, եւ ոչ թէ հաստավիզ, սափրուած գլուխներ ունեցող թիկնապահներով պտըտող փտածներու  միջավայրին մէջ: Մեր նախնիները չծախուեցան, կեանքի գնով՝ ծուռին ծուռ, շիտակին շիտակ ըսին, գլուխնին բարձր երգելով՝ կախաղանին մօտեցան.

Սիրելի ընկեր-ընկերուհիներ,
Յեղափոխականը ամբոխավար չէ, փողոցային աղմկալից ճառեր արտասանող չէ, այլ՝ ժամանակին դէմ պայքարող, յստակ տեսիլք ունեցող, գիտական լուծումներու վրայ հիմնուած գործող անձ է, Մարօ Վարդանեան է, Աւետիս Նազարբէկեան է, Ռուբէն Խանազատ է, Գաբրիէլ Կաֆեանց է, Քրիստափոր Օհանեան է, Գէորգ Ղարաջեան է, Լեւոն Ստեփանեան է:

Խօսքիս աւարտին, թոյլ տուէք ձեր անունով ողջունելու հերոսական Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ օր ու գիշեր կանգնած հայ զինուորը։ Յարգանքով խոնարհիլ մեր հին ու նոր նահատակներու յիշատակին առջեւ, վերանորոգել մեր ուխտը՝ շարունակելու հնչակեան Քսաններու եւ մեր ժողովուրդի ազատութեան համար ինկած նահատակներու կիսատ ձգած գործը:

Խօսքս կը փակեմ Քսան մարտիրոսներէն Գեղամ Վանիկեանի խօսքերով. «Կեանքը նպատակ ունի, եւ այդ նպատակը մարդու բարձրացումը եւ կատարեալ երջանկութիւնն է: Ես կ’ուզեմ մտնել անօթութենէ չորացած մօր  կուրծքին տակ՝ այնտեղ մրափող առիւծի բաշերը թափ տալու համար,      ես կ’ուզեմ մտնել         արցունքոտ մօր մը աչքերուն մէջ՝ այնտեղ կայծկլտող հուրը բոցավառելու համար,   ես կ’ուզեմ գործ ունենալ աշխատող բազուկներուն հետ,   անոնք են կեանքի երջանկութեան աղբիւրները: Ահա իմ փիլիսոփայութիւնս»:

Ահա 130 տարեկան Հնչակեան կուսակցութեան. Փիլիսոփայութիւնը:

«Նոյնն է մեր ուղին այսօր եւ ընդմիշտ»:

Կեցցէ՛ հնչակեան կուսակցութիւնը,
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը,
Կեցցէ՛ միացեալ, ժողովրդավար, ընկերվար Հայաստանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment