Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան 130 Ամեակի Տօնակատարութիւնը Աւստրալիոյ Մէջ

Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան 130 Ամեակի Տօնակատարութիւնը Աւստրալիոյ Մէջ

by MassisPost

Կիրակի 13 Օգոստոս 2017 ին , Ս.Դ.Հ.Կ. Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմնի կազմակերպութեամբ  եւ հովանաւորութեամբ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի  առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեանի, տեղի ունեցաւ Հնչակեան կուսակցութեան 130 ամեակի տօնակատարութիւնը Սիտնիյի Զէնիթ հանդիսասրահին մէջ:

Ներկայ էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը եւ քահանաներ, հայ ազգային քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Հ.Հ. սփիւռքի նախարարի խորհրդականը, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ, մեծ թիւով հայրենակիցներ:

Աւստրալիոյ, Հայաստանի և Հնչակեան քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկ. Յարութ Օքճեան. Ան իր խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն և ողջունեց կուսակցութեան 130 ամեակը:

Տիկ. Զանի Նազարեան-Օքճեան ասմունքեց Ժագ Յակոբեանի «Յաղթերգութիւն»  բանաստեղծութիւնը, որ արժանացաւ ներկաներու բարձր գնահատանքին: Ապա անգլերէն լեզուով ելոյթ ունեցաւ օրդ. Լորա Թոփուզեան, որ ներկայացուց Ս.Դ.Հ. կուսակցութեան 130 ամեայ պատմութեան կարեւոր հատուծները:

Ավստարլիոյ Վարիչ Մարմնի խօսքը փոխանցեց Վարիչ Մարմնի ատենապետ ընկ. Վաչէ Թոփուզեանը: Ան իր խօսքին մէջ ներկայացուց կուսակցութեան հիմնադրութեան ծրագիրը և նշեց: «130 տարի առաջ գրուած ծրագիրը մինչեւ օրս կը պահպանէ իր այժմէականութիւնը»: Ընկերը հաստատեց, որ Շրջանը կը մնայ հաւատարիմ և յանձնառու մեր ժողովուրդի բոլոր իտէալներու իրականացման համար տարուող աշխատանքներուն:

Ապա բեմ հրաւիրեց այդ օրուան խօսքը փոխանցելու համար, Պէյրութէն յատուկ հրաւիրուած ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանը. Որ խօսեցաւ Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադրութեան մասին բացատրելով այդ օրերու պայմանները և «Հնչակ» թերթի հրատարակութիւնը. Ապա  ընկերը անդրադարձաւ Հնչակեան Քսաններուն նշելով Անոնց սխրագործութեան, ազգային և համամարդկային արժեգները: Ընկ. Ա. Քէօշկէրեանի խօսքը կուտանք ամբողջութեամբ:

Հանդիսութեան փակումը կատարեց հայր Ներսէս աբեղայ Յարութիւնեանը:

Տօնակատարութեան ընթացքին, գործադրուեցաւ օրուան պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մասնակցութեամբ «Նոր Սերունդ» պարախումբին եւ երգիչներ. ընկ. Վարդան Սվազլեանի եւ ընկ. Վաչէ Տէմիրճեանի:

sydney-130-4 sydney-130-7 sydney-130-6 sydney-130-1

sydney-130-3

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment