Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեանի Նախագահութեան Օրօք Հայաստանի Բնակչութիւնը Պակսած է 250 Հազարով

Սերժ Սարգսեանի Նախագահութեան Օրօք Հայաստանի Բնակչութիւնը Պակսած է 250 Հազարով

by MassisPost

Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան ընթացքին՝ 2008-2017 թուականներուն, Հայաստանի մշտական բնակչութիւնը պակսած է աւելի քան 250 հազարով, կը վկայեն Ազգային Վիճակագրական Ծառայութեան (ԱՎԾ) տուեալները:

Ըստ այնմ, 2008-ի Յունուարի 1-ին երկրի մշտական բնակչութեան թիւը 3 միլիոն 230 հազար եղած է, այս տարուայ Յուլիսի 1-ի դրութեամբ՝ 2 միլիոն 979 հազար: Նշուած 250 հազարը նախագահ Սարգսեանի պաշտօնավարման 9 տարիներուն բաժնելու պարագային կը նկատենք, որ իւրաքանչիւր տարի Հայաստանի բնակչութիւնը պակսած է շուրջ 28 հազարով:

Երկրի ժողովրդագրական իրավիճակին՝ ծնելիութեան անկման, մահացութիւններու թիւի աճի եւ արտագաղթի վերաբերեալ վերջին շրջանին իրենց անհանգստութիւնը հնչեցուցած են անգամ իշխանութիւնները:

Այս մայիսին Ազգային ժողովին յղած ուղերձին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան իրավիճակը բնութագրած է որպէս «խիստ մտահոգիչ եւ անընդունելի»: «Նախորդ 25 տարիների ժողովրդագրական իրավիճակի ընթացքը պայմանաւորուած էր մի շարք օպիեկտիւ եւ սուպիեկտիւ գործօններով, իսկ արդիւնքները խիստ մտահոգիչ եւ անընդունելի են: Առաջիկայ տասնամեակների համար մեր գերխնդիրը պէտք է լինի Հայաստանի ժողովրդագրական իրավիճակի էական բարելաւումը: Այս ուղղութեամբ աշխատանքը կարելի է բաժանել երեք հարթութեան՝ արտագաղթի դադարեցում, ծնելիութեան բարձրացում եւ կեանքի տեւողութեան երկարացում, եւ արտագաղթածների վերադարձի նախապայմանների ստեղծում», – յայտարարած է նախագահը:

Արտագաղթի պետական ծառայութեան տուեալներով, 2008-էն ցայսօր սահմանահատումներու տինամիկան միշտ բացասական եղած է, Հայաստանէն աւելի շատ մեկնած են, քան վերադարձած: 2008-2016 թուականներուն այդ տարբերութիւնը կազմած է 345.9 հազար: Ընդ որում, անցեալ տարի գրանցուած է 2008-էն ի վեր ամենաբարձր թիւը՝ -48.2 հազար, այսինքն՝ երկրէն մեկնողներու թիւը 48.2 հազարով աւելի եղած է, քան ժամանողներունը:

Ծառայութիւնը հրապարակած է նաեւ այս տարուայ առաջին կիսամեակի թիւերը: Դարձեալ երկրէն մեկնողներու թիւը 37.6 հազարով աւելի շատ է, քան ժամանողներունը, բայց քանի որ տարուայ երկրորդ կէսին Հայաստան աւելի շատ կը ժամանեն, քան կը մեկնին, գլխաւորաբար արտագնայ աշխատանքի մեկնածներու վերադարձի շնորհիւ, ուստի տարեկան արդիւնքները ամփոփելու համար տակաւին շուտ է:

Իրավիճակը մխիթարական չէ նաեւ ծնելիութեան ու մահացութեան թիւերու պարագային: 2008-ին աւելի շատ կը ծնէին ու քիչ կը մահանային, քան՝ այսօր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment