Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղին Մէջ Նշած են Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը եւ Մուսայ Լերան Հերոսամարտի Օրը

Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղին Մէջ Նշած են Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը եւ Մուսայ Լերան Հերոսամարտի Օրը

by MassisPost

Այժմու Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Մուսայ լերան Վագըֆ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ 13 Օգոստոսին նշած են Աստուածամօր Վերափոխման տօնն ու Խաղողօրհնէքը։

Ինչպէս Վագըֆէն տեղեկացուցած է «NEWS.am»ի թղթակիցը, Մուսայ լերան հերոսամարտի ոգեկոչման օրուան առթիւ Վագըֆ գիւղին մէջ մեծ կաթսաներով 12 Օգոստոսի երեկոյեան սկսած են եփել աւանդական հարիսան։  Միեւնոյն ժամանակ մինչեւ կէս գիշեր ներկայ եւ նախկին մուսալեռցիներ ու աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած հայեր երգած ու պարած են հայկական երաժշտութեան ներքոյ։

Իսկ արդէն 13 Օգոստոսի առաւօտուն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի տեղապահ, արք․ Գարեգին Պէքճեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Աստուածամօր Վերափոխման տօնին նուիրուած Ս. Պատարագ եւ Խաղողօրհնէք։ Աւելի ուշ, արք. Պէքճեանի օրհնութենէն ետք հաւաքուածներուն հարիսա բաժնուած է։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment